image

Նախագահ Աուն շնորհաւորեց Պաշշար Ասատը

Նախագահ Աուն շնորհաւորեց Պաշշար Ասատը

 Լիբանանի  հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աուն այսօր շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց  Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի  վերընտրութեան կապակցութեամբ։

 

 Այս մասին տեղեկութիւնը քաղեցինք լիբանանեան «Ալ Նահար» պարբերականէն։

 

 Աղբիւրը նաեւ յայտնած է, որ Աուն յաջողութիւն մաղթած է Ասատին եւ յոյս յայտնած, որ պատերազմին հետեւանքով Լիբանան հասած սուրիացի  գաղթականները  շուտով կը վերադառնան եւ կը մասնակցին երկրի վերականգման գործընթացներուն։