image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողանի դէմ 10 հազարանոց բողոքի ցոյց Գոլոնիոյ մէջ

Էրտողանի դէմ 10  հազարանոց   բողոքի ցոյց  Գոլոնիոյ մէջ

 Թուրքիոյ իշխանութիւններուն  դէմ  բողոքի մեծ  ցոյց մը տեղի ունեցած է այսօր:   Ըստ  BBC կայանին   Գերմանիոյ Գոլոնիա նահանգին մէջ   եղած ցոյցին մասնակցած են 10  հազար  անձեր, որոնք   բարձրացուցած են  PKK-ի  առաջնորդ Ապտալլա Օճալանի   պատկերները:  Ալէւիներէ եւ քիւրտերէ  բաղկացած  բողոքի  հաւաքին     վանկարկուած են Թուրքիոյ  նախագահ  Էրտողանի դէմ  խօսքեր:  Անոնք    Թուրքիոյ մէջ  եղածները անարադարութիւն համարելով Եւրոպական  համայնքէն պահանջած են արագօրէն միջամտել վերջ  տալու    ընթացող  բռնադատումներուն եւ քիւրտերու դէմ ճնշումներուն:

Կը նշուի, որ Թուրքիոյ տարածքին կ'ապրին  շուրջ  քսան միլիոն Ալէւիներ: