Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դէմ բողոքի մեծ ցոյց մը տեղի ունեցած է այսօր: Ըստ BBC կայանին Գերմանիոյ Գոլոնիա նահանգին մէջ եղած ցոյցին մասնակցած են 10 հազար անձեր, որոնք բարձրացուցած են PKK-ի առաջնորդ Ապտալլա Օճալանի պատկերները: Ալէւիներէ եւ քիւրտերէ բաղկացած բողոքի հաւաքին վանկարկուած են Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի դէմ խօսքեր: Անոնք Թուրքիոյ մէջ եղածները անարադարութիւն համարելով Եւրոպական համայնքէն պահանջած են արագօրէն միջամտել վերջ տալու ընթացող բռնադատումներուն եւ քիւրտերու դէմ ճնշումներուն:
Կը նշուի, որ Թուրքիոյ տարածքին կ'ապրին շուրջ քսան միլիոն Ալէւիներ: