Երեւանի Նոր Նորք շրջանին մէջ գրանցուած են կրակոցներ։ Այս մասին լուրը կը հաղորդէ Shamshyan կայքը։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ կրակոցները եղած են Նոր Նորքի Մասիւ թաղամասին ( 5-րդ զանգուած) մէջ, որուն արդիւնքով ալ զոհուած է մէկ անձ։ Ըստ նոյն աղբիւրին զոհը կը համարուի «օրէնքով գող» եւ ան յայտնի է Անդիկ անուանումով։