image

Երեւանէն դէպի Գանատա թմրանիւթի մաքսանենգման բացայայտում. Ձերբակալուածը սուրիահայ է

Երեւանէն դէպի  Գանատա  թմրանիւթի մաքսանենգման   բացայայտում. Ձերբակալուածը սուրիահայ է

Արգիլուած   թմրեցուցիչի   մաքսանենգութեան  խոշոր դէպք  բացայայտուած է  Երեւանի մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը  կը  փոխանցէ  Tert.am  կայքը, որ իր տեղեկութիւնները ստացած է համապատասխան  մարմիններէ: Կը նշուի նաեւ, որ մաքսանենգման   դէպքը  բացայայտուած է «Հայբոստ»    ընկերութեան մէջ, երբ քննչական մարմիններ  նկատած են  դէպի Գանատա առաքուող կասկածելի ծանրոց մը: Աւելի ուշ պարզուած է, թէ  ծանրոցը   պատրաստուած է Սուրիոյ  քաղաքացի եւ Երեւան  բնակող Յակոբ Գրիգոր Տէր Ներսէսեանի կողմէ,         եւ   այն կը պարունակէ 5,5 գիլոկրամ «աֆիոն»   ու թմրանիւթը, որպէս  միջուկ     դրուած  եղած  է   ընդեղէնի (պիստակեղէնի)  մէջ:   Դէպքին առընթեր բացուած է   քրէական  գործ,  եւ   նշեալ անձը   իսկոյն ձերբակալուած է: