Արգիլուած թմրեցուցիչի մաքսանենգութեան խոշոր դէպք բացայայտուած է Երեւանի մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Tert.am կայքը, որ իր տեղեկութիւնները ստացած է համապատասխան մարմիններէ: Կը նշուի նաեւ, որ մաքսանենգման դէպքը բացայայտուած է «Հայբոստ» ընկերութեան մէջ, երբ քննչական մարմիններ նկատած են դէպի Գանատա առաքուող կասկածելի ծանրոց մը: Աւելի ուշ պարզուած է, թէ ծանրոցը պատրաստուած է Սուրիոյ քաղաքացի եւ Երեւան բնակող Յակոբ Գրիգոր Տէր Ներսէսեանի կողմէ, եւ այն կը պարունակէ 5,5 գիլոկրամ «աֆիոն» ու թմրանիւթը, որպէս միջուկ դրուած եղած է ընդեղէնի (պիստակեղէնի) մէջ: Դէպքին առընթեր բացուած է քրէական գործ, եւ նշեալ անձը իսկոյն ձերբակալուած է: