Եգիպտական եկեղեցւոյ բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը հաստատած է՝ վերջերս, ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած՝ եգիպտացի քրիստոնեայ քաղաքացի՝ 50ամեայ Մաժտի Մաքինի մահուան լուրը, որ պատահած էր Գահիրէի Էմիրիէ ոստիկանատան մէջ, ոստիկաններու կողմէ «այլանդակ չարչարանքներու» ենթարկուած ըլլալուն հետեւանքով:
Ըստ AFP-ին, 2015-ի վերջաւորութեան եւ 2016-ի սկիզբը արձանագրուած են ոստիկանութեան կողմէ սպաննուած քաղաքացիներու բազմաթիւ միջադէպեր, որուն շուրջ Եգիպտոսի նախագահ՝ Ապտըլ Ֆաթահ Ալ Սիսի խոստացած է պատժել յանցագործները: Միջազգային եւ տեղական մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւնները քննադատած են այս արարքները:
Նշենք, որ այս օրինազանցութիւնները 2011-ի յունուարի յեղափոխութեան հիմնական մղիչներէն էին, որոնց հետեւանքով Եգիպտոսի նախկին նախագահ՝ Հուսնի Մուպարաք պաշտօնազրկուած էր: