«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Պոլիս հաստատուած հալէպահայ Յակոբ Դաւիթեանը:
-Ներկայիս ի՞նչ գործով կը զբաղուիք Պոլսոյ մէջ, եւ ի՞նչ են այդ ուղղութեամբ հեռանկարները:
Ես Պոլիս հաստատուելէս վերջ, մօտաւորապէս վեցուկէս տարի է՝ կը զբաղուիմ վաճառականութեամբ: Արաբերէն եւ անգլերէն գիտնալուս շնորհիւ ընդհանուր վաճառականութեամբ զբաղուեցայ, յատկապէս միջինարեւելեան եւ ափրիկեան երկիրներու հետ: Պայմանները մինչեւ այսօր լաւ էին, բայց զարգացումներէն ետք ընդհանրապէս Թուրքիոյ տնտեսական վիճաակը վատթարացաւ, առաւել եւս՝ միջինարեւելեան եւ ափրիկեան երկիրներու աշխուժութիւնը այսօր զգալիօրէն նուազած է: Կրնանք ըսել, որ տագնապալի օրեր կ'անցընեն այսօր յատկապէս թուրքերը եւ ընդհանրապէս՝ միջինարեւելեան երկիրները:
-Երբեք շփում ունեցա՞ք պոլսահայերուն հետ:
Այո, այստեղ պոլսահայերը շատ ջերմ են, հայերու հետ ծանօթացայ, ընկերութիւն հաստատեցի անոնց հետ։ Կ՚ուզեմ նաեւ նշել, որ այստեղ պոլսահայերը մեծ հռչակ եւ վստահութիւն կը վայելեն, յատկապէս բժշկական եւ առողջապահական ոլորտներուն մէջ։ Անշուշտ այդ ոլորտին մասին խօսելով պարտիմ յիշել Պաքըր գիւղի հայ համայնքին պատկանող Սուրբ Խաչ հրաշալի հիւանդանոցը, կատարելագործուած իր ամէն ինչով՝ քատրային, առողջապահական բարձր խնամքի, արդիական ամէն տեսակի միջոցներու օգտագործման, քննչական՝ տարրալուծարանի, ստուգման, ախտաճանաչման, ամենակատարելագործուած ինչքերու եւ պիտոյքներու գործածութեան իմաստով. հարկաւ այստեղ մեծ դեր ունի խնամակալութիւնը, որ իրապէս պատուաբեր գործ կը տանի Պոլսոյ մէջ հարիւրաւոր տարիէ ի վեր՝ յանուն հայ գաղութին:
-Պիտի ուզէ՞ք Հալէպ վերադառնալ, եթէ այո, ապա առաջին անգամ ո՞ւր պիտի ուզէք այցելել, տեսնել:
Հալէպ վերադառնալու վերաբերեալ ես անձամբ, որեւէ յոյս չունիմ: Ես կը կարծեմ, այդ տարածքը այլեւս, ցաւ ի սիրտ, կորսնցուցած է իր հմայքը, դժուար է վերականգնուիլը, մանաւանդ երբ ցաւ ի սիրտ դեռ կայ այդ ոչ թաքնուած՝ բացայայտ ատելութիւնը, հակադրութիւնը: Իրականութեան մէջ մենք այդտեղ կ'ապրէինք ապաստանելով մեր նեղ թաղերուն մէջ, այդ իմաստով հետաքրքրական էր իմ զաւակներէս մէկուն արտայայտութիւնը, որ օր մ՚ունեցաւ, երբ ըսաւ՝ պապա, մենք տեղ մը սեղմուած էինք, չէինք անդրադառնար, որ Ազիզիէի, Սուլէյմանիէի եւ Նոր Գիւղի մէջ սահմանափակուած էր մեր կեանքը: Մեծ քաղաքի մէջ ապրելու հնարաւորութիւնը, իրականութեան մէջ, շատ կը դիւրացնէ կեանքի ընթացքը, իրական ալ այդպէս էր, Հալէպի մէջ մենք չէինք անդրադարձած, որ «սեղմուած» էինք, կամ, ըսենք, իրար փաթթուած. մեր դպրոցը, մեր եկեղեցին, մեր արհեստանոցը, առաւելագոյն պարագային կրնանք ըսել Հալէպի համալսարանը. այս մի քանի քիլոմեթր տարածութեան վրայ ստիպուած էինք ապրիլ: Եւ այսօր այլեւս հնարաւոր չէ վերադառնալ այն վիճակին, որուն մէջն էինք առաջ. Այսօր կորսուած, խախտուած է այդ ամբողջ դրուածքը, եւ կը կարծեմ, որ Հալէպը այլեւս, ցաւ ի սիրտ, մեր յուշերու եւ յիշատակներու, մեր նախնիներու գերեզմաններու վայրն է եւ անձնապէս, ոչ մէկ յոյս անգամ ունիմ, որ կրնանք վերադառնալ եւ այդտեղ ապրիլ։ Իմ կարծիքով դժուար թէ Հալէպը վերագտնէ իր անցեալի փառքը։
-Ի՞նչ կը մտածէք հալէպահայութեան ապագային մասին, արդեօք հայութիւնը ապագայ պիտի ունեանա՞յ այդ քաղաքին մէջ:
Հալէպահայութիւնը, իրականութեան մէջ, օժտուած է կարեւոր յատկութիւններով, որ կը բնորոշէր հայը, այդ ալ մեր դաստիարակութիւնն ու անկեղծութիւնն է։ Մենք այդ մեր հետ բերած էինք Արեւտմահայաստանէն։ Այդտեղէ բերած էինք մեր ուղղամտութիւնը, բերած էինք մեր արհեստները, մեր կրթութիւնը, մեր աշխատասիրութիւնը եւ այդ բոլորը կերտեցին նոր սերունդ մը, որ այսօր կը վայելէ բազմաթիւ ժողովուրդներու գնահատանքն ու յարգանքը։ Ամենուրէք բարձր կը գնահատեն հալէպահայու կրթութիւնը, գիտակցութիւնը եւ ուղղամտութիւնը, ճշմարտապահութիւնը եւ, առաւել եւս, աշխատասիրութիւնը: Հետեւաբար, ես կը կարծեմ, որ ժամանակն է այլեւս, որ ծրագրուած կերպով ուղղուինք դէպի հայրենիք, որովհետեւ հայ ժողովուրդին միակ փրկութիւնը հայկական հողին վրայ համախմբուիլն է։