image

Անցեալի ճանաչումը էական է ներկայի եւ ապագայի համար. ՀՀ ԱԳՆ

Անցեալի ճանաչումը էական է ներկայի եւ ապագայի համար. ՀՀ ԱԳՆ

ՀՀ ԱԳ նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Հայոց ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցի կապակցութեամբ։ 

Այս տարի ապրիլ 24-ին աշխարհասփիւռ հայութիւնը հայ ժողովուրդի եւ ողջ մարդկութեան բարեկամներու հետ միասին հանդիսաւոր կերպով կ'ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցը՝ յարգանքի տուրք մատուցելով  Հայոց ցեղասպանութեան 1.5 մլն սուրբ նահատակներու յիշատակին: 

Հայ ժողովուրդը ամբողջովին բնաջնջելու եւ հայրենազրկելու մտադրութեամբ իրականացուած այս զարհուրելի յանցանքը հանդիսացաւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Այն այսօր ալ կը շարունակէ իր ազդեցութիւնը թողած է  հայ ժողովուրդի անվտանգութեան վրայ: 

Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան շարունակական ժխտումը եւ արդարացումը, Հայաստանի ցամաքային շրջափակումը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի շրջածիրէն ներս ընդգծուած հակահայկական դիրքորոշմամբ հանդէս գալը անվտանգութեան սպառնալիքներ կը ստեղծեն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներու համար:

105 տարի առաջ հայ ժողովուրդը, հակառակ տրուած անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներուն եւ խոստումներուն, միայնակ եւ անպաշտպան յայտնուեցաւ այս ոճրագործութեան եւ խոցելի՝ ոճրագործներու դաժան վայրագութիւններու առջեւ: Ցեղասպանութեան սարսափներու մէջէն անցած հայ ժողովուրդը, ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններու, վերապրեցաւ: Ցեղասպանութիւնը վերապրած ժողովուրդը ոչ միայն կարողացաւ աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ պահպանել եւ զարգացնել իր ազգային ինքնութիւնը, այլեւ ուժ գտաւ վերականգնելու եւ վերանուաճելու հայոց պետականութիւնը: Այդ ժամանակէն ի վեր, իր պատմական հայրենիքին մէջ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովումը եղած է եւ կը մնայ Հայաստանի Հանրապետութեան կարեւորագոյն առաքելութիւնը եւ պարտաւորութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար տասնամեակներ մղուած պայքարը ցոյց տուաւ, որ ոչ մէկ ուժ ունակ է յաղթելու պատմական արդարութեան եւ ճշմարտութեան: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխարհագրութեան ընդլայնումը ատոր լաւագոյն ապացոյցն է:  Յատկապէս կարեւոր է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող պետութիւններու շարքերը համալրեցին անոնք, որոնք անգնահատելի ներդրում ունեցած են ցեղասպանութեան զոհերը փրկելու եւ իրենց երկիրներուն մէջ ապաստան տալու գործին:

Անցեալի ճանաչումը էական է ներկայի եւ ապագայի համար. այն զսպող ուժ է աշխարհի որեւէ անկիւն նմանօրինակ ոճրագործութեան կամ ցեղասպանութեան կրկնութեան կանխարգելման համար:

Ճշմարտութեան ճանաչումը եւ անցեալի ոգեկոչումը կարեւոր նախադրեալներ են արդարութեան պահպանման, մարդկային արժանապատւութեան, անպատժելիութեան դէմ պայքարի եւ միջազգային համերաշխութեան շուրջ միաւորուելու համար:

Այսօր վերստին գլուխ խոնարհելով Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակի առջեւ՝ մենք կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը պատմական արդարութեան վերականգնման եւ նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգելման գործին։