image

«Դաշնակցութիւնը պառակտելու փորձերուն ձախողութիւնը կը նեղացնէ բոլորը» Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

«Դաշնակցութիւնը պառակտելու փորձերուն ձախողութիւնը կը նեղացնէ բոլորը» Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սաութ էլ Հուրիա» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու կարեւորութիւնը` նշելով, որ անոնք կարեւոր են` կազմելու համար նոր խորհրդարանը եւ ամրապնդելու երկրին ժողովրդավարական վարչակարգը:

Անդրադառնալով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գոյացուցած դաշինքին` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ-ի դաշինքները քաղաքական են: «Լիբանանի անկախութենէն ի վեր ՀՅԴ-ն կը վարէ իշխանութեան զօրակցելու քաղաքականութիւն, իսկ երկրին իշխանութեան խորհրդանիշն է հանրապետութեան նախագահը: Թաէֆի համաձայնագիրէն ետք այդ խորհրդանիշը կը ներկայացնեն հանրապետութեան, խորհրդարանի եւ նախարարաց խորհուրդի նախագահները, որոնք նաեւ կը ներկայացնեն երկրին օրինականութիւնը, եւ մենք երկրին օրինականութեան նեցուկ կը կանգնինք: Այսօր երկրին օրինականութեան հիմքերն ենք Ազգային ազատ հոսանքի նախկին ղեկավար` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, վարչապետը` Սաատ Հարիրին եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին: Իրականութիւնը այսօր այն է, որ Ամալ շարժումին հետ ՀՅԴ միացեալ ընտրաշրջաններ չունի: Այս պատճառով մենք կը հաստատենք, որ ՀՅԴ-ն լայն ընտրական դաշինք ունի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ: Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ կայ քուէարկողներու որոշ թիւ մը, որ կը պատկանի սիւննի համայնքին: Մուսթաքպալ հոսանքը Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ կը զօրակցի Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան թեկնածուին` երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեանի, հետեւաբար սիւննի համայնքի այդ քուէները պիտի յատկացուին Ս. Գալփաքեանին: Իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պարագային` ՀՅԴ-ն արդէն իսկ անոր քաղաքական դաշնակիցն է եւ կը շարունակէ մնալ այդպէս: Հիւսիսային Մեթնի պարագային, չորս ամիս շարունակ աշխատեցանք միացեալ ցանկ մը գոյացնելու երեսփոխան Միշել Մըրի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Ղովմի կուսակցութեան միջեւ, որպէսզի կարելի ըլլար ապահովել մեծագոյն անցման համեմատութիւնը եւ Մեթնին խնայել սուր ընտրապայքար: Սակայն այս իմաստով ՀՅԴ-ի փորձերը անյաջող դուրս եկան: Իսկ աւելի ուշ երեսփոխան Մըրի հետ սերտելէ ետք Մեթնի մէջ նոյն ընտրացանկով ներկայանալու կարելիութիւնը, պարզուեցաւ, որ անիկա ո՛չ Մըրի եւ ո՛չ ալ ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուին ի նպաստ պիտի ըլլայ, հետեւաբար համաձայնեցանք, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր ընտրացանկով ներկայանայ: Իսկ օրէնքն ու նախընտրութեան քուէի դրութիւնը չեն արտօներ, որ մէկը ի նպաստ միւսին քուէարկէ: Ուրեմն բնականաբար իւրաքանչիւր ընտրազանգուած իր թեկնածուն պիտի ընտրէ», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի` աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ն` իբրեւ Լիբանանի օրինականութեան զօրակից կուսակցութիւն, նպատակադրած է վերակազմել Հայկական երեսփոխանական պլոքը:

Արտերկրի լիբանանահայերուն  երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան այցելած է Գանատա եւ Միացեալ Նահանգներ, ուր արձանագրուած լիբանանահայեր կան, ինչպէս նաեւ կան անոնք, որոնք տրամադիր են գալու Լիբանան եւ մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Ան աւելցուց նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ ապրող լիբանանահայերը եւս տրամադիր են գալու եւ մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Պուրճ Համուտի մէջ թափօններու թաղման վայրին մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ այդ հարցով Դաշնակցութեան դէմ մեծ արշաւ կայ` աւելցնելով, որ այդ արշաւը կազմակերպող կողմերը կը մոռնան, որ աղբի տագնապի լուծման իմաստով ամէն ջանք ի գործ դրուեցաւ: «Իսկ ինչո՞ւ միշտ կը խօսուի Պուրճ Համուտի մէջ թափօններու թաղման վայրին եւ ոչ թէ Ժտէյտէի թափօններու թաղման վայրին մասին, որովհետեւ նպատակը Պուրճ Համուտը չէ, այլ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն է, որ կառավարութեան հետ խորհրդակցաբար աղբի տագնապի լուծման շրջագիծին մէջ որդեգրեց թափօններու թաղման վայրի ստեղծման դրութիւնը եւ ստացաւ համապատասխան միջոցները, որոնց միջոցով պիտի կարենայ բարգաւաճեցնել Պուրճ Համուտը եւ Մեթնի ծովեզերեայ շրջանները: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ այս որոշումով կարելի եղաւ օժանդակել աղբի տագնապի լուծման», հաստատեց ան:

Լուրը (յապաւուած)  ՝ «Ազդակ»էն