image

Դաշնակցութիւնը արգելք դրաւ Պուրճ Համուտի աղբանոցի օգտագործման

Դաշնակցութիւնը արգելք դրաւ Պուրճ Համուտի  աղբանոցի   օգտագործման

ՀՅԴ  Լիբանանի   Կեդրոնական Կոմիտէն  հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, թէ  արգելք կը դնէ Պուրճ Համուտի  աղբանոցին օգտագործման դէմ: Այս մասին լուրը փոխանցեց «Էլ Նաշրա» լրատուական կայքը: Հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս կ'ըսուի, թէ Դաշնակցութիւնը այս քայլին կը դիմէ,  նկատելով այն  երեւելի խախտումները, որոնք կը կատարուին  տարբեր  շրջաններէ հաւաքուած  աղբերը  Պուրճ Համուտի աղբանոց թափելու ընթացքին: Յիշեցնենք, որ անցնող մարտին  ՀՅԴ  կողմ քուէարկած էր վարչապետ Սալամի  կառավարութեան կողմէ պատրաստուած եւ աղբերու խնդիրը լուծելու նախատեսուած ծրագրին: Անցնող երեք շաբաթներուն Պուրճ Համուտի աղբանոցի հարցը կրկին  դարձած էր  հանրութիւնը  յուզող օրակարգ, մասնաւորապէս  Քրիստոնեայ «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան աղբանոցի փակումը եւ արմատական լուծումներ պահանջելու համար եղած քայլերէն ետք: Նշենք, որ վերջին տասը օրերուն նոյն կուսակցութեան անդամներ աղբանոցի մուտքին վրաններ լարելով բողոքի հաւաք մը սկսած էին: Դաշնակցութիւնը, նկատելով «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան  քայլերը, նկատել տուած էր, թէ իրենք  եւս կողմ են այս խնդրին արմատական լուծում ապահովելուն, պայմանաւ, որ այդ ճիգերը ըլլան անկեղծ, գործնական եւ հեռու ամբոխավարական զեղումներէ: Ըստ խնդրին հետեւող դէտերու, եթէ կառավարութիւնը գործնական քայլերու չդիմէ, ապա աղբահանութեան հարցը կրնայ դարձեալ բորբոքիլ ու տագնապ դառնալ, ոչ միայն կառավարութեան, այլ ամբողջ երկրին համար: