ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, թէ արգելք կը դնէ Պուրճ Համուտի աղբանոցին օգտագործման դէմ: Այս մասին լուրը փոխանցեց «Էլ Նաշրա» լրատուական կայքը: Հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս կ'ըսուի, թէ Դաշնակցութիւնը այս քայլին կը դիմէ, նկատելով այն երեւելի խախտումները, որոնք կը կատարուին տարբեր շրջաններէ հաւաքուած աղբերը Պուրճ Համուտի աղբանոց թափելու ընթացքին: Յիշեցնենք, որ անցնող մարտին ՀՅԴ կողմ քուէարկած էր վարչապետ Սալամի կառավարութեան կողմէ պատրաստուած եւ աղբերու խնդիրը լուծելու նախատեսուած ծրագրին: Անցնող երեք շաբաթներուն Պուրճ Համուտի աղբանոցի հարցը կրկին դարձած էր հանրութիւնը յուզող օրակարգ, մասնաւորապէս Քրիստոնեայ «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան աղբանոցի փակումը եւ արմատական լուծումներ պահանջելու համար եղած քայլերէն ետք: Նշենք, որ վերջին տասը օրերուն նոյն կուսակցութեան անդամներ աղբանոցի մուտքին վրաններ լարելով բողոքի հաւաք մը սկսած էին: Դաշնակցութիւնը, նկատելով «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան քայլերը, նկատել տուած էր, թէ իրենք եւս կողմ են այս խնդրին արմատական լուծում ապահովելուն, պայմանաւ, որ այդ ճիգերը ըլլան անկեղծ, գործնական եւ հեռու ամբոխավարական զեղումներէ: Ըստ խնդրին հետեւող դէտերու, եթէ կառավարութիւնը գործնական քայլերու չդիմէ, ապա աղբահանութեան հարցը կրնայ դարձեալ բորբոքիլ ու տագնապ դառնալ, ոչ միայն կառավարութեան, այլ ամբողջ երկրին համար: