image

Դամասկոսի մէջ պայթում. Կան զոհեր

Դամասկոսի մէջ պայթում. Կան զոհեր

Դամասկոսի մէջ  պայթում որոտացած է: Այս  մասին լուրը յայտնեց «Սանա» լրատուական գործակալութիւնը: Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ դէպքը արդիւնք է ականուած ինքնաշարժի պայթումին:

Այն պատահած է Դամասկոսի «Ալ Պարզա» թաղամասին մէջ գտնուող «Ալ Խանսա» մզկիթին մօտ:

Պայթումին արդիւնքով եւ ըստ նախնական տուեալներուն զոհուած են վեց անձեր: