Սուրիա- («Ալ-Շարք Ալ-Աուսաթ»- Լոնտոն)- Ժընեւի մէջ բանակցող Պաշշար Ժաաֆարիի միջոցաւ Սուրիոյ վարչակարգի կողմէ ԱՄՆ-ին եղած ակնարկութիւնները վերաճած են համագործակցութեան հաստատ առաջարկութիւններու: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Շարք Ալ-Աուսաթ», նշելով, որ Ժաաֆարի այս ուղղութեամբ յայտարարած է, որ «իրենք երբեք չեն մերժած ահաբեկչութեան դէմ պայքարող միջազգային դաշնութեան մը գաղափարը», ընդգծելով, որ նման դաշնութիւն մը «պէտք է աշխատի սուրիական կառավարութեան հետ համագործակցաբար», ապա կը մատնուի ձախողութեան, եւ շեշտելով, որ Ուաշինկթըն պէտք է այդ ուղութեամբ սկսի համագործակցիլ Դամասկոսի հետ:
Միւս կողմէ Ամերիկայի արտաքին գործոցը ողջունած էր Սուրիական զօրքերու յաջողութիւնը Թատմորի մէջ եւ զայն «Տահէշ»ի ձեռքէն ազատագրելը. Ճոն Քէրին այս կապակցութեամբ ըսած է, որ « Այո՛, Թատմորի ազատագրումը «Տահէշ»էն լաւ բան է, սակայն այն չի նշանակեր, որ Պաշշար Ասատ կրնայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ», աւելցնելով, որ «կարելի չէ խաղաղութիւն հաստատել Ասատի միջոցաւ, որովհետւ Ասատ ինքն էր պատերազմի պատասխանատուն, որ պատճառ դարձաւ «Տահէշ»ի վերելքին»:
Միւս կողմէ «բանակցութիւններու բարձրագոյն մարմնի»ի պատուիրակութեան նախագահ Ահմատ Ալ-Զուղպին «Շարք ալ-Աուսաթ»ին յայտնած է, որ Սուրիոյ ընդդիմութիւնը դէտած է, որ «Տահէշ»ի եւ ռէժիմի ուժերուն միչեւ համագործակցութիւն տեղի ունեցած է, եւ առանց որեւէ պատերազմի՝ տեղի ունեցած է քաղաքի «յանձնումն ու ստանձնումը», եւ շատ հաւանական է, որ նոյնը պատահի նաեւ Տէր Ալ-Զօրի կապակցութեամբ: