image

Չինաստան Սուրիոյ Համար Յատուկ Բանագնաց Նշանակեց

Չինաստան Սուրիոյ Համար Յատուկ Բանագնաց Նշանակեց

Չինաստան- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Հոնկ Լին երէկ յայտարարած է «Չինաստանի կողմէ Սուրիոյ ճգնաժամին առաջին յատուկ բանագնացի  նշանակման մասին»: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ միջազգային բանագնաց Շի Շիաու Եան նախապէս վարած է Իրանի մօտ Չինաստանի դեսպանի պաշտօն, միաժամանակ ձգտելով աւելի աշխուժ դերակատարութիւն ունենալ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Այս կապակցութեամբ Հոնկ Լի նաեւ նշած է, որ «Չինաստանը որպէս մշտական անդամ Անվտանգութեան խորհուրդին, միշտ ձգտած է յարմար լուծում գտնել Սուրիոյ խնդրին», ընդգծելով, որ այդ ուղղութեամբ ամենայարմար ուղին տեսած է  «քաղաքական լուծման մէջ»:

«Ժատիտ»ի հաղորդմամբ Լի նաեւ յայտնած է, թէ «Չինաստանը կ'աջակցի Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի բանագնաց Սթէֆան Տէ Միսթուրայի միջնորդական ջանքերուն եւ մեծապէս կը գնահատէ անոր կողմէ շրջանին համար տրամադրուած մարդասիրական օգնութիւնները», բացատրելով, որ «Չինաստանի կողմէ յատուկ բանագնացի նշանակումը պիտի օգնէ առաջ մղել խաղաղութեան կարգաւորման եւ Չինաստանի իմաստութեան ու առաջարկութիւններու փոխանցման գործընթացները»:  «Համոզուած ենք, որ մեր բանագնացը լաւագոյն կերպով պիտի կատարէ իր այս պարտականութիւնը», աւելցուցած է Հոնկ Լի: