3 շաբաթէ ի վեր ընթացք առած բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին։ Թէեւ Պէյրութ տանող գլխաւոր ճանապարհները կը մնան բաց, սակայն մայրաքաղաքի, ինչպէս նաեւ տարբեր քաղաքներու մէջ տեղի կ՚ունենան աշակերտական-ուսանողական բողոքի մեծ երթեր։
Բողոքարարները կը շարունակեն պահանջել երկրի քաղաքական վերնախաւին հեռացումը եւ նոր մասնագէտներու կառավարութեան ստեղծումը։
Լիբանանեան լրասփիւռներ նոյնպէս կը հաղորդեն, որ երէկ դարձեալ երկրի ԱԳ նախարար Ժըպրան Պասիլ այցելած է վարչապետարան եւ հանդիպում ունեցած հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին հետ։
Կարգ մը աղբիւրներ կը նշեն, որ Պասիլ «լուրջ» առաջարկ մը ներկայացուցած է՝ պատրաստ է ամէն գնով նեցուկ կանգնիլ վարչապետին երկիրը դուրս բերելու այս տագնապալի վիճակէն։
Ինչ կը վերաբերի ելեւմտական ոլորտին, ապա քաղաքացիներ լուրջ դժուարութիւններու դէմ հանդիման կը գտնուին յատկապէս ամերիկեան տոլար գնելու, ինչպէս նաեւ իրենց վճարումները լիբանանեան թղթոսկիով կատարելու իմաստով։
Դրամատնային շրջանակներ թէկուզեւ լուռ կը մնան ստեղծուած վիճակին մասին, սակայն Լիբանանի մէջ առհասարակ կը խօսուի տոլարին դիմաց երկրի արժէդրոյթին կտրուկ անկումին մասին։
Յիշեցնենք, որ բողոքի ցոյցերը ընթացք առած էին անցնող 17 հոկտեմբերին։