Լիբանանի մէջ երեք շաբաթէ ի վեր ընթացք առած բողոքի ալիքը կը շարունակուի։ Ցուցարարները նպատակ ունենալով հեռու մնալ ժողովրդային քննադատութեան թիրախ դառնալէ փոխած են իրենց մարտավարութիւնը։
Անոնք այսօր մեծ թիւերով իջած են փողոց եւ հաւաքուած մայրաքաղաք Պէյրութի կառավարական կարեւոր շէնքերու ճանապարհները եւ հաւաքուած այդ շէնքերուն շուրջ։
Այսպէս մեծ թիւոէ երիտասարդներ հաւաքուած են Պէյրութի արդարադատութեան պալատին, Կեդրոնական Դրամատան շէնքին, ինքնաշարժներու արձանագրման կեդրոնին (Նէֆհա) եւ այլ կարեւոր կեդրոններու շուրջ։
Ինչ կը վերաբերի քաղաքական գետնին կը սպասուի, որ այսօր երեւան գան երէկ երկրի ԱԳ-նախարար Ժըպրան Պասիլի ու իր հրաժարականը ներկայացուցած վարչապետ Սաատ Հարիրիի անակնկալ հանդիպման արդիւնքները. Սակայն աւելի քան յստակ է, որ հակառակ քուլիսներու ետին ընթացող բանակցութիւններուն նախագահ Աուն տակաւին հեռու է կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ պարտադիր խորհրդակցութեան սկիզբի ժամկէտները յայտարարելէ։
Յիշեցնենք, որ այսօր իր լրումին կը հասնի Լիբանանի բողոքի ցոյցերու 21-րդ օրը եւ այս անգամ ցուցարարները կը պահանջեն կազմել քաղաքական խոցելի համարուող դէմքերէ զուրկ անկախներու եւ մասնագէտներու «փրկութեան» կառավարութիւն մը։