Աշխարհով մէկ պատերազմին ընթացքին գերեվարուած հայ զինուորներու ազատութեան համար պայքարը կը շարունակուի։
Այս առումով եւ ըստ «Արեւելք»ի աղբիւրին, երէկ տեղի ունեցած է բողոքի հաւաք Կիպրոսի Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան շէնքին առջեւ։
Մանրամասնութիւններուն մէջ ՝ Կիպրոսի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Եւրոպական Միութեան Կիպրոսի ներկայացուցչութեան շէնքին առջեւ տեղի ունեցաւ հայ գերիներու ազատ արձակման պահանջով խաղաղ ցոյց մը։
Ցուցարարները պահանջեցին, որ Ազրպէյճանը ազատ արձակէ բոլոր հայ ռազմագերիները, ինչպէս նաեւ հեռանայ Հայաստանի ինքիշխան տարածքներէն։
Ցոյցին ներկայ գտնուեցան, Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տ․ Խորէն Արք․ Տողրամաճեանը, Հայ Համայնքի Պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը, «Ալլիլէնկիի» կուսակցութեան Նախագահ Էլէնի Թէոխարուսը, Եւրոխորհրդարանական Լուկաս Ֆուրլասը, Երեսփոխաններ, Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցող թեկնածուներ եւ հոծ բազմութիւն մը։
Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը յանձնեց յուշագիրներ, յղուած Եւրոխորհրդարանի եւ Եւրոխորհուրդի նախագահներուն։