Հայաստանի մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 9 դեկտեմբերին: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը:
«Նախագահը հրամանագիրը կը ստորագրի, կը տեսնենք: Համենայն դէպս, պայմանաւորուածութիւնն այդպիսին է»,- նշած է Փաշինեանը:
Հարցին՝ այսօր կ'ըլլայ այդ հրամանագիրը՝ Փաշինեան ըսած է, թէ կը կարծէ՝ այո:
«Գիտէք, այս ընտրութիւնը «Քաղաքացիական պայմանագրի կամ որեւէ այլ ուժի համար չէ», այս ընտրութիւնը ժողովրդի համար է եւ որոշումը կայացնելու է ժողովուրդը, եւ ժողովուրդը միշտ ունի հնարաւորութիւն՝ կայացնելու որոշում: Ես, իհարկէ, մտահոգուած եմ, որ Ընտրական օրէնսգրքի մեր առաջարկած տարբերակով չենք գնայ, որը քաղաքական ուժերի համար աւելի լայն հնարաւորութիւններ կ'ընդգրկէր, բայց կարծում եմ, որ լիարժէք հնարաւորութիւն կ'ունենանք ապահովել ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւններ»,- ընդգծած է ան:
Նշենք, որ Փաշինեանը երկրորդ անգամ առաջադրուած է վարչապետի պաշտօնին: Եթէ այս անգամ ալ վարչապետ չընտրուի, ապա խորհրդարանը օրէնքի ուժով կը լուծարուի: