ՀՀ Ազգային ժողովի մէջ մեկնարկած է կառավարութեան հրաւիրած արտահերթ նիստը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ արձանագրուած է 95 պատգամաւոր: Նիստը կը քննարկէ Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու հարցը: Գրիգորեան հրաժարած է նիստին մասնակցելէ:
Մանուէլ Գրիգորեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու մասին հարցի քննարկումէն ետք՝ խորհրդարանը պիտի քննարկի կառավարութեան ներկայացուցած շարք մը օրէնսդրական նախաձեռնութիւններ, որոնց քննարկման համար արտահերթ նիստի հրաւիրման մասին յայտնի դարձած էր աւելի շուտ, մասնաւորապէս «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը, «Բարեգործութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը եւ այլն: