image
Հրատապ լուրեր:

Ազգային Ժողովը ընդունեց ապօրինի հարստացման քրէականացման օրինագիծը

Ազգային Ժողովը ընդունեց ապօրինի հարստացման քրէականացման օրինագիծը

Հայաստանի Ազգայի ժողովը երկրորդ եւ վերջին ընթերցմամբ միաձայն 100 կողմ ձայով ընդունեց «ՀՀ քրէական օրէնսգրքում լրացում կատարելու մասին» եւ «ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգրքում լրացում կատարելու մասին» օրինագիծերու փաթեթը: Անոնց նպատակը փտածութեան դէմ պայքարն է:

Կը նախատեսուի, որ քրէական պատասխանատուութեամբ` երեքէն վեց տարի ազատազրկուին ապօրինի հարստացած` յայտարարագիր ներկայացնելու պարտականութիւն ունեցող այն պաշտօնատար անձիք, որոնց գոյքի աւելացումը եւ (կամ) պարտաւորութիւններու նուազումը էականօրէն կը գերազանցէ անոնց օրինական եկամուտները, եւ որ ողջամտօրէն չի հիմնաւորուիր այդ հարստութիւնը:

Կը նախատեսուի, որ օրէնքը ուժի մէջ մտնէ 2017 թուականի 1 յուլիսէն: