image
Հրատապ լուրեր:

Այսօր Ռամալլայի մէջ ընթացք կ'առնէ «Ֆաթհ» շարժումի համագումարը

Այսօր Ռամալլայի մէջ ընթացք  կ'առնէ «Ֆաթհ» շարժումի համագումարը

Ռամալլայի մէջ, այսօր, Պաղեստինեան ազգային ազատագրութեան «Ֆաթհ» շարժումը կը մեկնարկէ իր 7-րդ համագումարը: Այս մասին կը գրէ «Ալ Քուտս», նշելով, որ շարժումի վերջին համագումարը կայացած էր 7 տարի առաջ: 

Համագումարի խօսնակ՝ Մահմուտ Ապու Ալհայժա, Ռամալլայի մէջ, մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, որ համագումարի մասնակցող 1400 անդամներէն 1200–ը արդէն կը գտնուին Ռամալլա:

Ալհայժա նաեւ կը տեղեկացնէ, որ համագումարի տեւողութիւնը 5 օր է, ան տեղի պիտի ունենայ Ռամալլայի նախագահական նստավայրին մէջ կառուցուած, Պաղեստինեան ազգային ազատագրման շարժման առաջին ղեկավարի՝ Ահմէտ ԱլՇուքայրիի անուանը կրող սրահին մէջ: Համագումարի բացման ներկայ պիտի գնտուին արաբական եւ եւրոպական երկիրներու պատուիրակութիւններ, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան իշխանութեան մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ցանցը, որուն ընթացքին նախագահ Մահմուտ Ապպաս ճառ մը պիտի արտասանէ:

Նշենք, որ համագումարի հիմնական օրակարգն է՝ ընտրել «Ֆաթհ»-ի նոր կեդրոնական վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ յեղափոխական շարժման խուրհուրդը: