image

Այսօր կը կայանայ «Եւրատեսիլ-2016»-ի առաջին կիսաեզրափակիչ փուլը

Այսօր կը կայանայ «Եւրատեսիլ-2016»-ի առաջին կիսաեզրափակիչ փուլը

Եւրատեսիլեան բեմին վրայ երէկ տեղի ունեցաւ մրցոյթի առաջին կիսաեզրափակիչի 18  մասնակիցներուն երրորդ փորձը: Այս մասին կը տեղեկացնէ մրցոյթի պաշտօնական կայքը: Իսկ այսօր տեղի պիտի ունենայ առաջին կիսաեզրափակիչը: Հայաստանը ներկայացնող Իւեթա Մուկուչեան ելոյթ պիտի ունենայ 7-րդը:

Առաջին կիսաեզրափակիչին յաջորդականութեամբ ելոյթ պիտի ունենան հետեւեալ երկիրներու ներկայացուցիչները`Ֆինլանտիա, Յունաստան, Մոլտովա, Հունգարիա, Խորուաթիա, Հոլանտա, Հայաստան, Սան Մարինօ, Ռուսիա, Չեխիա, Կիպրոս, Աւստրիա, Էսթոնիա, Ատրպէյճան, Մոնթենեկրօ, Իսլանտիա, Բոսնիա Հերցեգովինա, Մալթա:

Երկրորդ կիսաեզրափակիչին` Մայիս 12-ին, ելոյթ պիտի ունենան հետեւեալ երկիրներու ներկայացուցիչները` Լաթվիա, Լեհաստան, Զուիցերիա, Իսրայէլ, Պելառուս, Սերպիա, Իռլանտա, Մակեդոնիա, Լիթվիա, Աւստրալիա, Սլովենիա, Պուլկարիա, Դանիա, Ուքրանիա, Նորվեգիա, Վրաստան, Ալպանիայ, Պելճիքա:

Առաջին եւ երկրորդ կիսաեզրափակիչներուն` դատական կազմի եւ հեռուստադիտողի քուէարկութեան արդիւնքով (50×50) եզրափակիչ պիտի անցնեն 20 հոգի (ամէն կիսաեզրափակիչի` 10 երկրի ներկայացուցիչ):

«Եւրատեսիլ 2016»-ին Մեծ հնգեակի երկիրներուն (Ֆրանսա, Սպանիա, Գերմանիա, Իտալիա, Մեծ Բրիտանիա) եւ մրցոյթը ընդունող Շուէտի ներկայացուցիչները իրենց ելոյթները պիտի սկսին կիսաեզրափակիչ փուլէն, բայց ինքնաբերաբար պիտի յայտնուին եզրափակիչ փուլ: Անոնք պիտի ունենան կիսաեզրափակիչ փուլի միւս մասնակիցներուն համար քուէարկելու իրաւունք:

«Եւրատեսիլ-2016» երգի միջազգային մրցոյթի եզրափակիչը պիտի կայանայ Մայիս 14-ին:

Իւեթա Մուկուչեան հանդէս պիտի գայ «LoveWave» երգով, որուն երաժշտութեան համահեղինակներն են Լեւոն եւ Լիլիթ Նաւասարդեանները, խօսքերուն համահեղինակները` Իւեթա Մուկուչեան ու Սթեֆանի Քրաթչֆիլտը: