image

Այսօր ամենակարեւորը պատանիներու հոգեբանական վիճակը բարելաւելն է. Հալէպահայ գործիչ

Այսօր ամենակարեւորը պատանիներու հոգեբանական վիճակը բարելաւելն է. Հալէպահայ գործիչ

«Արեւելք»ի զրուցակիցն է հալէպահայ գործիչ Ժագ Հատտատ, որ ամբողջ պատերազմական շրջանին շարունակած էր մնալ Հալէպ եւ գաղութային կեանքի տարբեր բնագաւառներէ ներս աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ մինչ այսօր:

 

Ստորեւ ՝հարցազրոյցը.- 

 

-Տեղեակ ենք, որ աշխոյժ կերպով կը մասնակցիք Հալէպի գաղութային-համայնքային կեանքին, կրնա՞ք այդ մասին տեղեկութիւններ տալ «Արեւելք»ի  ընթերցողներուն:

Ներկայիս որպէս արհեստ ոսկերչութեամբ կը զբաղուիմ, վերջին վեց տարիներուն Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (ՀԵԸ) Մարզական Յանձնախումբի ատենապետն եմ, նաեւ ՀԲԸՄ-ի Տեղական Մասնաժողովի անդամ,  որ միութեան ներքին հարցերով կը զբաղուի, ինչպէս նաեւ երկուքուկէս տարիէ ի վեր Հայ Ծերանոցի խնամակալութեան անդամ եմ, որպէս Կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ:


-Գիտենք որ Հայ Ծերանոցի շէնքը ծանր վնասներ կրած էր եւ ծերունիները տեղափոխուած էին «Կիւլպէնկեան մայրանոց»,  ի՞նչ է անոնց ներկայ կացութիւնը, ի՞նչ կրնաք պատմել այդ մասին:


Նախ ըսեմ, որ ես հակառակ անոր, որ միութենական տարբեր՝ սկաուտական, երաժշտական, մարզական եւ այլ աշխատանքներ եւ պաշտօններ վարած եմ, սակայն ինծի համար ամէնէն հաճելի աշխատանքը որ շատ կը սիրեմ ծերերուն հետ եւ անոնց համար աշխատիլն էր: Ծերանոցին մէջ աշխատելով, կը զգաս որ շատ մեծ օգնութիւն մը կ'ընես տարեցներուն, մանաւանդ որ դժբախտաբար վերջին տարիներուն զաւակներ իրենց ծնողները «Հայ Ծերանոց» բերելով խնամակալութեան յոյսին ձգելով, գաղթեցին դէպի Գանատա, Ֆրանսա, Հայաստան եւ այլ տեղեր, անշուշտ շատ մեծ թիւ չէ, բայց մի քանի դէպքերու ես ականատես եղայ:

Ինչպէս ըսիք, Ծերանոցը ներկայիս կը գործէ Կիւլպէնկեան հիւանդանոցին մէջ, որովհետեւ «Պոսթան Փաշա»ի  թաղամասը այդ շրջանին պատերազմական գօտիի մէջ կը գտնուէր եւ շէնքի ուղղութեամբ ռմբակոծութիւն կ'ըլլար. գտնելով, որ մայրանոցի տարածքը, որ Միտան թաղամասին մէջ կը գտնուի, համեմատաբար աւելի ապահով է, ծերեը այնտեղ տեղափոխեցինք: Սակայն հոն եւս անոնք դարձեալ ռմբակոծութեան թիրախ դարձան: Գիշեր մը երբ տակառներ եւ հրասանդներ սկսան տեղալ ծերանոցի տարածքին, խնամակալներս հասանք օգնութեան, ծերերը վատ, անապահով վիճակի մէջ էին, խուճապահար գացինք անոնց օգնութեան, մեր հոն եղած ժամանակ մայրանոցի շէնքին վրայ դարձեալ տակառ մը ինկաւ եւ պայթեցաւ, ես եւ Տէր Զարեհ Շաքարեանը թեթեւ մը վիրաւորեցանք, հիւանդանոց գացինք, հազիւ դուրս եկայ հիւանդանոցէն, ծերերուն վիճակը հարցուցի, արդէն լսեցի որ հայ տղոց օգնութեամբ անոնց Գր. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքնասրահ տեղափոխած են, ետքը հոնկէ դարձեալ Կիւլպէնկեան մայրանոց տեղափոխուեցան ուր կը մնան մինչեւ օրս:

Ծերանոցին մէջ այսօր ունինք 38  տարեցներ  եւ 10-11 պաշտօնեայ, անոնց հարցերով կը զբաղուինք, իրենց կենցաղային հարցերը կը փորձենք լուծել, հիւանդները խնամել եւայլն:

 

-Դուք կը պատկանիք մինչ օրս Հալէպ մնացած խաւին, ինչո՞վ պայմանաւորուած էր այդ մէկը, ընդհանրապէս գաղթելու փափաք չունեցա՞ք, նոյնիսկ ամենածանր օրերուն:

Ինծի համար Հալէպը շատ մեծ  իմաստ  ունի, 2015-ին Հայաստան եկանք համահայկական խաղերուն մասնակցելու՝ ներկայացնելով Հալէպը, շատ սիրեցի Հայաստանը, հոն եղած շրջանիս ինչքան ալ ուրախ էի  եւ շատ լաւ ժամանակներ անցուցինք, սակայն  վերջին օրերը կը սպասէի, որպէսզի Հալէպ վերադարձի ժամը գայ: Այդ  օրերուն Հալէպ իր ամենածանր օրերը կ'ապրէր, անընդհատ հրասանդներ եւ տակառներ կը տեղային նոյնիսկ հայկական շրջաններուն վրայ:

Գաղթելու պարագային, ես որեւէ մէկ ատեն չմտածեցի գաղթել, քանի որ այստեղ տունս շինած եմ, գործս ունիմ, որեւէ մէկ ատեն պատրաստ չէի առաջին դժուարութեան հանդիպելով ձգելու Հալէպը, այնպէս չէ որ փափաքը ունէի բայց պայամններս չէին ներեր, ոչ, այդպիսի հարցերը լուծելի են, բայց ես ելլելով իմ միութենական պատասխանատուութիւններէս, կը գիտակցէի, որ ես պէտք է Հալէպ մնամ: Աւելի պատկերւոր այսպէս ըսեմ՝ առաջին անգամ երբ նաւը պիտի ընկղմի, բոլորը ջուր չըլլար նետուին, պէտք է նաւին մէջ մարդիկ մնան, որպէսզի փորձեն հաւասարակշռութիւնը պահել, իմ միտքս ատանկ էր, ես պատրաստ չէի լքելու իմ ամէն այս պատասխանատուութիւններս: Հալէպի մէջ ամենածանր օրերուն մարզական, մշակութային ակումբներ, պարախումբեր, թատերախումբեր միայն մէկ երկու ամիս դադրեցան աշխատանքէ, այդ ընթացքին շատ մը պատասխանատուներ գաղթեցին, պէտք էր մարդիկ մնային որ այդ գործը շարունակուէր, այլապէս ի՞նչ պիտի ըլլար ժողովուրդին վիճակը, եթէ բոլոր ղեկավարները գաղթէին. Կրնամ առանց չափազանցելու ըսել, որ ես այդ պարտականութեան մասին մտածելով հոս մնացի:


-Ինչպէ ՞ս կը բնութագրէք համայնքի այսօրուան վիճակը: Ինչպիսի՞ն է ժողովուրդի ընդհանուր տրամադրութիւնը, մանաւանդ Աֆրինի դէպքերէն  յետոյ:

Գաղութի հայութեան հոգեվիճակի վերաբերեալ, կ'ուզեմ շատ կարեւոր թեմայ մը բարձրաձայնել, որ դժբախտաբար անտեսուած է:

Որպէս մարզական շարժումի եւ միութեան պատասխանատու՝ պզտիկներու հետ միշտ կապի մէջ եմ եւ կրնամ համոզուած ձեւով ըսել, որ պատերազմի տագնապը միայն տնտեսական տագնապ չէ: Պատերազմի պատանիներու սերունդը, այսինքն մեր  8-15  տարեկան երեխաները շատ դժուար օրեր ապրեցան, մահ տեսան, արիւն տեսան, վիրաւորներ տեսան, աւերներ, պայթումներ եւայլն եւ այդ բոլորը շատ վատ անդրադարձ ունեցաւ անոնց հոգեվիճակին վրայ, ինչը ես ամէն օր կը նկատեմ, ասի շատ կարեւոր հարց է, որուն մէկը չանդրադառնար եւ դժբախտաբար ինչպէս ըսի, այդ ուղղութեամբ լուրջ աշխատանք չեմ տեսներ որ կը կատարուի: Ճիշդ է դպրոցներուն մէջ կան յատուկ մասնագէտներ որ աշակերտներուն վարքային շեղումները  սրբագրելու պարտականութեամբ  կը  զբաղին, իսկ ծնողներ անոնց հոգեվիճակը բարելաւելու համար ակումբ կը ղրկեն իրենց երեխաները,բայց այս բոլորը սիրողական մակարդակի վրայ կատարուած բաներ են:

Ես իբրեւ պատասխանատու պզտիկներուն հոգեվճակին մէջ շատ փոփոխութիւններ կը նկատեմ, անոնք շատ ջղային եղած են, կռուազան, ըմբոստ եղած են, այս մէկը միայն պզտիկներու պարագան չէ անշուշտ, Հալէպի մէջ այս մէկ ու կէս տարին վիճակը հանդարտելէ ետք, կարծես մարդոց մէջ կուտակուած «սթրէս»ը սկսաւ դուրս գալ, մեծերը բնականաբար կը զսպեն իրենց ջղայնութիւնը, բայց պզտիկներուն մօտ այդ մէկը նկատելի է եւ իմ կարծիքով լուրջ մասնագէտներ պէտք է աշխատին անոնց հետ: Եթէ հարկ ըլլայ նոյնիսկ Հայաստանէն մասնագէտներ Հալէպ պէտք է գան այդ խնդրով զբաղուելու համար:

Դժբախտաբար մենք հայերս այս կէտին մէջ թերացած ենք, մինչ այլ քրիստոնեայ համայնքներ այս առումով շատ ուշադիր են, անոնք նոյնիսկ երեխաներուն ընտանիքներուն հետ կ'աշխատին, կը փորձեն անոնց ծնողներուն, ոչ թէ միայն նիւթական, այլ հոգեկան վիճակը լաւացնել:

Իսկ ընդհանուր ժողովուրդի վիճակը բարելաւման մէջ է, սակայն Աֆրինի մէջ դէպքերը որոշ չափով ազդեցին մանաւանդ տնտեսական առումով, բոլոր արհեստները ազդուեցան այդ լարուածութենէն:


-Ուրիշ ի՞նչ կ'ուզէք ըսել մեր ընթերցողներուն:

Կ'ուզեմ յիշեցնել, որ հակառակ բոլոր անցածին, այսօր Հալէպի մէջ դեռ 10-11 հազարի շուրջ հայութիւն կ'ապրի, իրենց միութիւններով, եկեղեցիներով, դպրոցներով, որոնք չեն մտածեր Հալէպը լքել: Չեմ ուզեր 1915-ի տեղահանութեան պատճառով Հալէպ հասած հայութեան վիճակին հետ համեմատել, որովհետեւ լրիւ տարբեր վիճակներ են, բայց ինչպէս որ այդ ժամանակ հայութիւնը զէրոյէն կրցաւ այսքան հարուստ համայնքային կեանք ունենալ, այսօր ալ պիտի փորձէ վերականգնել իր առաջուան կեանքը, եւ թիւը ինչքան ալ նուազի, պիտի մնայ մայր գաղութ, ճիշդ է որ երբեմն յուսահատութեան կը մատնուինք, բայց կամաց-կամաց կը փորձենք վերագտնել մեր առաջուան կեանքը:

Նաեւ արդարութեան համար կ'ուզեմ նշել, որ ամբողջ պատերազմի ընթացքին շատ մը միութիւններ միշտ պաշարի տեսքով կամ այլ օգնութիւններ մատուցեցին հալէպահայ ժողովուրդին, այսօր խօսակցութիւններ կ'ըլլան որ այդ օգնութիւններն ալ դադրած են, սակայ այդպէս չէ: Այսօր օգնութիւնները աւելի խանութներու, գործատեղիներու վերանորոգման ուղղութեամբ կ'ըլլան, այս վերջին ամիսները այդ աշխատանքները սկսան, միութիւնները կը շարունակեն օգնել իրենց կարելիութեան մէջ,  բայց սերտուած ձեւով:

Նաեւ ըսեմ, որ խօսքեր կ'ըլլան որ ովկիանոսի միւս կողմ անցնողները ալ Հալէպ չեն վերադառնար, սակայն այդպէս չէ, ես անձամբ գիտեմ անձեր, որոնք պատրաստ են եւ մօտ օրէն Գանատայէն Հալէպ պիտի գան  եւ  վստահ եմ ուրիշներ ալ կան: