Քրիստոնէական խորագոյն ըմբռնումներով ոգեշնչող քարոզ մը խօսած է Տ. Սահակ եպս. Մաշալեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ Գնալը կղզիի իր աղբիւրէն, որ նաեւ նշեց, որ այսօր տեղի ունեցած է Իշխանաց (կամ Գընալը) կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:
Սրբազան հայրը կարեւոր համարելով եկեղեցի յաճախելու երեւոյթը ըսած է. «Ես այս եկեղեցին յաճախել սկսայ ասկէ երեսունհինգ տարիներ առաջ, Տ. Շնորհք Պատրիարքի օրերուն: Հոս էր նաեւ Մեսրոպ Պատրիարքը, տակաւին այն ատեն` աբեղայ: Մենք հոս մեծցանք, այս եկեղեցիին շուրջ հասակ առինք: Ես այս եկեղեցիին մէջ հայերէն սորվեցայ եւ հոս է նաեւ, որ դպիր դարձայ: Այս եկեղեցին Պոլսոյ (հայութեան սիրտը դարձաւ: Այս եկեղեցին բախտաւոր եկեղեցի է, որովհետեւ կարող պատրիարքներ եւ եկեղեցականներ տեսած եկեղեցի մըն է»,- ըսած է Սահակ Սրբազանը:
«Մենք եկեղեցին պիտի պահենք, որպէսզի եկեղեցին ալ մեզի պահէ»,- եզրակացուցած է Տ. Սահակ եպս. Մաշալեանը:
Նշենք, որ արարողութեան հանդսապետած է Պոլսոյ Պատրիարքութեան տեղապահ Տ. Գարեգին արք. Պեքճեանը: Ներկայ եղած են նաեւ Պոլսոյ միաբանութեան վարդապետ եւ քահանայ հայրեր:


