image

Ատրպէյճանը կը շարունակէ խախտել սահմանուած հրադադարը. այս շաբաթ՝ 190 անգամ

Ատրպէյճանը կը շարունակէ խախտել սահմանուած հրադադարը. այս շաբաթ՝ 190 անգամ

2-էն 8 Փետրուար ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ հակառակորդը խախտած է հրադադարի պահպանման ռեժիմը շուրջ 190 անգամ` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով  աւելի քան 1200 կրակոց:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը, լիակատար, հիմնական ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէ եւ շարունակած վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: