image
Հրատապ լուրեր:

Մելգոնեանի լռութիւնը խզելու ժամը

Մելգոնեանի լռութիւնը խզելու ժամը

Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝

Բայց կարիքը կա՞յ բոլորին յիշեցնելու, որ այս կարեւոր իրադարձութեան (իրադարձութիւններու)  ետին կանգնած են նաեւ «Սպիտակ Ձեռքեր»ը։

Նիկոսիա հասան հարիւրէ աւելի հայրենակիցներ՝ աշխարհի չորս ծագերէն։ Անոնց նպատակը յստակ էր՝ ոգեկոչել Մելգոնեան բարերար եղբայրներու մեծ աւանդը եւ յարգանքի տուրք մատուցել անոնց անմոռանալի յիշատակին։

Այո՛, Աղա Կարապետ եւ Աղա Գրիգոր Մելգոնեաններու յիշատակը յարգելը կարեւոր էր եւ կարեւոր կը մնայ, սակայն միայն այդքանը բաւարար չէ։

Վաղը կամ միւս օր, Նիկոսիոյ սրտին վրայ կանգնած այս վարժարանին դռները դարձեալ պիտի փակուին, դասարանները դարձեալ պիտի փոշոտին, դպրոցի միջանցքները դարձեալ պիտի ամայանան, եւ հոն պիտի տիրէ մահահոտ ու սարսափելի լռութիւն մը։

Այդ լռութիւնը ի չիք դարձնելու համար աշխատանք պէտք է։ Եւ ես վստահ եմ, որ այդ աշխատանքը կարելի պիտի ըլլայ կատարել, եթէ գործին հանդէպ ըլլայ հաւատք, կամք եւ նուիրում։

Շնորհակալութիւն՝ տէր եւ տիկին Վարդգէս Մահտեսեաններուն, որոնց եռանդին, նուիրումին եւ հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղաւ յաջողութեամբ պսակել Մելգոնեան Վարժարանին եւ անոր բարերարներուն յիշատակը յարգելու նուիրուած այս միջոցառումները։