Հայաստան կը տառապի բարդոյթներէ՝ հոգեկան, ֆիզիքական, յարաբերական, մտածողական, արտայայտչական հիւանդագին տարատեսակ նախանշաններով, որոնց վրան կ’աւելնան նաեւ նկարագրային, բարքային, սովորութային, պատկերային եւ յատկանշային հոգեբանական բիծեր եւ երեւոյթներ։
Այս բոլորը բնակա՞ն են, սովորակա՞ն, թէ՞ ծննդական, դժուար է պատասխանել, որովհետեւ՝ հայ ժողովուրդը, իր կենցաղային, ընկերային եւ ազգային կեանքին մէջ, եթէ նոյնիսկ ունեցած է կամ անցած է վերոյիշեալ հանգրուաններէն, ատոնք անցողիկ եղած են, առանց զգալի դեր մը ունենալու կամ հետք մը ձգելու, մինչեւ որ երկիրը կամ ժողովուրդը անցնի բարդ պայմաններէ, դիմակալէ ցնցումներ, դէմ յանդիման չգտնուի անհանգստացնող անակնկալներու եւ կամ՝ իր դիմաց չպարզուին մտահոգիչ կացութիւններ։
Դժբախտաբար, ժողովուրդներու խառնիճաղանչային ու փոթորկոտ վիճակներուն մէջ, ուր՝ ամէն ինչ կրնայ յեղաշրջեալ պատկեր մը ներկայացնել, մարդկութիւնը ինքզինք կը գտնէ հազար ու մէկ տագնապներու առջեւ, իսկ զանոնք յաղթահարելը այդքան ալ դիւրին մարտահրաւէրներ չեն կրնար ըլլալ։
Հայաստանը ու հայրենի հասարակութիւնը, որոնք նման խայթող ու կրծող պայմաններէ նուազ անցած են, թէեւ ենթարկուած՝ յարձակողական, զաւթողական, ճնշողական ու բրտական հալածանքներու, բայց, մնացած են կանգուն, կառչած ըլլալով իրենց հայրենիքին ու հողին, ինքնութեան եւ արմատներուն, լեզուին ու մշակոյթին, յատկապէս շնորհիւ իրենց ԽՈՐՀՐԴԱՅՆԱԿԱՆ հովանաւորութեան, ապահովութեան եւ անվտանգութեան նշելի գործօններուն, մասնաւորաբար, ի տես այն բարգաւաճութեանց, բարերարութեանց ու բարօրութեանց, որոնցմէ օգտուիլը եւ զանոնք վայելելը, իրապէս, բոլորին համար դարձան… երազային իրականութիւններ։
Իսկ այդ ժամանակաշրջանը, իր խաղաղութեամբ եւ ապահովութեամբ, անտարակոյս, դարձաւ, օրհնաբեր ու ճակատագրաբեր, հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին համար, քանի՝ ատոնք էին այն պատնէշներն ու հիմքերը, որոնք պիտի կարենային զիրենք տանիլ դէպի այն ափերը, որոնք անկախութեան եւ գերիշխանութեան հոգեցունց պահեր պիտի ներշնչէին, ոչ միայն հայրենի ժողովուրդին, այլեւ՝ սփիւռքահայութեան, բոլորն ալ, միասնաբար, ոգեշնչուէին ու փառաբանուէին։
Եւ յանկարծ, անկախութիւնը ժամանեց, թէեւ խաւարի, ցրտահարութեան, թշուառութեան եւ անօթութեան տխուր պայմաններու մէջ, սակայն, հայաստանցիները, մանաւանդ անոնց գիտակից, հասկցող եւ ըմբռնող խաւերը, այդ բոլորը բնական ու ժամանակաւոր նկատեցին, այնքան ատեն որ՝ հայրենիքը, անկախացած էր եւ պէտք էր ընթանար դէպի անոր իրականացումն ու հաստատումը։
Անշուշտ, դիւրին չէին օրերը, կը մնար զանոնք քաջաբար ու տղամարդաբար դիմագրաւել, առանց դասալքութեան ու թուլամորթութեան, պարտուողականութեան եւ անյուսալիութեան, սպառելով այն պայծառ օրերուն, երբ անկախութիւնը կը դառնայ յուսադրող եւ առինքնող լուսաւոր փարոս մը։
Երկիրը կը գտնուէր բազմաթիւ ու խայտաբղէտ մարտահրաւէրներու դիմաց, անհրաժեշտ էր այդ բոլորը հետզհետէ չէզոքացնել, ստեղծելով այն հանգստաւէտ պայմաններն ու առիթները, որոնք քաղաքացիներուն համար, լոյսի եւ յոյսի հոգեկան ու ֆիզիքական լիցքեր էին ու կրնային զիրենք պահել ու պաշտպանել, խնամել ու պատսպարել, քանի «ձմրան օրերը կու գան ու կ’երթան, վհատելու չէ, (ատոնք) վերջ կ’ունենան»ի իմաստալից խօսքերով։
Դժբախտաբար, անկախութեան առաջին տարիները շատ ծանր էին, խիստ, տժգոյն ու մռայլ, թէ՛ կենցաղային, թէ՛ ապրելակերպային, թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական, թէ՛ կրթական, թէ՛ ստեղծագործական անբաւարարութիւններու առումներով, պատճառ դառնալով շատերու հեռանալ հայրենիքէն կամ լքել զայն, երբեմն ակամաօրէն, երբեմն պարտադրաբար, երբեմն ալ՝ արկածախնդրականօրէն, սակայն, մեծ զանգուած մը մնաց կառչած իր հողին եւ օճախին, հայրենիքին եւ անկախութեան, ի գին նոյնիսկ զրկանքներու, անձկութիւններու, նեղութիւններու եւ… անիրաւութիւններու։
Սփիւռքը եւս, որ խանդավառուած եւ լիացած էր անկախութեամբ, երբեք անտարբեր ու կրաւորական դիրք չբռնեց այդ գոյերթին դէմ, որովհետեւ ինքն ալ գօտեպնդուած էր անոր աճումի, բարգաւաճումի ու հասունացումի հեռանկարներով։
Այլ կերպ կամ ընկալում կարելի՞ էր տեսնել կամ յարմարիլ, երբ անկախութիւնը ամբողջ հայութեան պիտի տար նոր շունչ, թարմ ոգի, վերապրելու հիմք եւ բեղուն զարթօնք, զայն նկատելով այն խարիսխը, որուն միջոցով, ան պիտի դառնար արժանի ժառանգորդը ու հարազատ հետեւորդը իր ժողովուրդին պատմականութեան, անժամանցելիութեան եւ հերոսականութեան։
֍֍֍
Այս հակիրճ մուտքը, յիշելու (կամ վերյիշելու) կարգով, թէ անկախութիւնը ինչպէ՞ս սողոսկեց Հայաստան եւ ի՞ՙնչ հրամայականներու առջեւ գտնուեցաւ, որոնք բոլորն ալ, հազիւ թէ գոհացնող կամ մեղմացնող ըլլային, բայց, անկախութիւնը այլընտրանք չէր կրնար ձգել, բացի ըլլալէ… ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ։
Բայց, երբ 35 տարուան անկախութեան ճանապարհը եւ գործընթացը լուսարձակի տակ կ’առնենք, առաջին երեք նախագահներու պաշտօնավարութեանց շրջաններէն սկսեալ, մինչեւ 2018ի «թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը, պիտի տեսնենք այնքան ճոխ ու ցաւալի, հարուստ եւ աղիտաբեր, ճերմակ ու սեւ, ուրախ եւ դժբախտ, պայծառ ու մութ, կայուն եւ անկայուն երեւոյթներ կամ իրականութիւններ, որոնք, որքան ալ՝ տանելի կամ «անտանելի» ըլլան, տեղ մը համակերպելի, ուրիշ տեղ մը՝ անհանդուրժելի, արդէն ցոյց կու տան, որ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ երթին նկատմամբ կան, գիտակցուած կամ ոչ, զարտուղղութիւններ, շահագործութիւններ, անպարկեշտութիւններ, դաւադրութիւններ, բռնազբօսիկութիւններ, մրցակցութիւններ, ոխակալութիւններ, եւայլն (ամէն տեսակները չեմ մատնանշեր), բայց, միթէ յայտնի ու թափանցիկ չէ՞, որ յետագային անկախութիւնը ո՞վքեր թունաւորեցին, ո՞վքեր պղծեցին, ո՞վքեր վարկաբեկեցին, ո՞վքեր ստուերեցին եւ, վերջապէս, ո՞վքեր դաւաճանեցին։
Սակայն, ինչո՞ւ այսքան սիրուած ու հետապնդուած, փնտռուած ու սպասուած անկախութիւնը, հասաւ այն «անկումային» վիճակին, որուն վերջին տարիներուն արարները, անտարակոյս, սահմռկեցուցիչ են, անշնչելի, անտանելի եւ աններելի, միանգամա՛յն։
Անշուշտ, ամէն ոք, իր տեսակէտը կամ հայեացքը, մեկնաբանումը կամ վերլուծումը ունի, ոմանք բարձրաձայն, ուրիշներ՝ լռակեաց, բայց, վաստ ըլլալէ չի դադրիր, որ անկախութիւնը ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԱԾ է (վիրաւորած են), ԽԱԹԱՐՈՒԱԾ է (խաթարած են), ԿԱՑԻՆՈՒԱԾ է (կացինած են), ԹԱԼԱՆՈՒԱԾ է (թալանած են), իսկ ո՞վքեր են ատոնց տխրահռչակ գործակալները եւ անոնց վարձկան հետեւորդները։
Գիտնալու համար անոնց ինքնութիւնը (կամ ատոնց պատասխանատուները) հեռու պէտք չէ երթալ, անոնք այն ԾԱՂՐԱԾՈՒՆԵՐՆ են, որոնք անկախութիւնը սրբապղծեցին, տաշեցին ու մաղեցին, ինչպէս երէկ, այսօր եւս, «պղտոր ջուր»ին մէջ լողալով ու փորձելով իրենց ետեւէն քարշ տալ իւրային ցեցեր։
Անկախութեան դէմ մահացու «մալարիա»ն, ահա՛, շուրջ 30 տարիէ ի վեր կը գործէ, կը սոնքայ ու կը գործէ, որովհետեւ՝ այդ լարախաղացութեանց բոլոր փորձերը «համայնակուլ»ներու ձեռքեր են եւ, ամենէն դատապարտելին ու գարշելին, այդպիսիներուն անպատիժ մնալն է, թէ՛ իրենց վայրագութեամբ, թէ՛ չարագործութեամբ եւ թէ՛ հայրենադաւադրութեամբ։
֍֍֍
Ազգային Ժողովի պատգամաւորական ընտրութիւնը, իր ընտրական աննախընթաց ու սուր պայքարով, կազմակերպչական մրցոյթներծով, հանրահաւաքներով, քարոզարշաւներով, քուէաթերթիկներով, խմբակցութիւններով եւ ամենէն խայտաբղէտ ու խայտակերտ դերակատարութիւններով ու ներկայացումներով, խաղքութիւններով ու միմոսութիւննեծով, տակաւին կը շարունակուին, կը բոլորեն ու կը զարգանան բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, երկիրը ու ժողովուրդը պահելով իրենց աքցանին ու հաւաքներուն մէջ, այն ալ՝ խիստ անորոշութեան, մթամպածութեան ու պատեհապաշտութեան մթնոլորտներով։
Առ այդ, անկախութիւն կ’ուզուի, կը պահանջուի, կը փառաբանուի, կ’ոգեկոչուի, կը պաշտուի, միւս կողմէն՝ զայն կը խաչեն, կը յօշոտեն, կը գերեն ու կը խառնակեն, առանց խորաչափելու, որ անկախութեան պահպանումը, ամրապնդումը եւ յարատեւումը, չի կրնար ըլլալ այն ձեւաչափերով, որոնք կը գործադրուին նմանօրինակ պարունակներէ ներս, որուն հետամուտ կ’ըլլայ Հայաստանը, ոչ-բաղձալի արդիւնքներով, ոչ-օրինապահական կարգերով, ոչ ալ՝ ժողովրդավարական հիմունքներով։
Սակայն, ինչի՞ հանդիսատես կ’ըլլանք եւ ինչո՞վ կրնանք ինքնաբացատրուիլ կամ ինքնահամոզուիլ (ոչ միայն Սփիւռքը, այլեւ՝ հայաստանեան որոշ զանգուածներ)։ Այսպէս.
- Ընտրութիւնները կը յորջորջուին կեղծ, անօրինական ու զաւթուած։
- Ընտրութիւնները կը նկատուին անվաւեր, անճիշդ եւ անընդունելի։
- Ընտրութիւնները պէտք է վերակրկնուին, վերանայուին ու վերաքննուին։
- Ընտրութիւնները խարդախուած են, սեփականացուած ու հասցէագրուած։
- ԸՆտրութիւնները ծառայած են իշխանութիւններու շահերուն ու կողմնակիցներուն։
Այս ընթացքին, Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը (իր պետական հզօրութեամբ), իր կառավարական եւ իշխանական երթը կը կիրարկէ, հոն, ուր՝ սահմանադրականօրէն, իրաւունք ունի կամ՝ առաւելութիւն։
Ընդդիմութիւնը կամ ընդդիմադրական շարժումը, ո՛չ նախընտրական, ո՛չ ընտրական, ո՛չ ալ յետընտրական ստուգատեսներուն, չկրցաւ ինքզինք պարտադրել եւ արդարացնել, այլ՝ մնաց ճապաղութեան ու տափակութեան սահմաններուն մէջ, առաւել եւս ինքզինք նսեմացնելով, ճղճիմացնելով ու խեղճացնելով։
Աւելին, փորձելով ինքզինք «ջուրին երեսը պահել» եւ դառնալ սպառնական խախուտ կայք, առանց վերածուելու լուրջ, օրինապահ, համաձոյլ ու լիիրաւ շարժումի, ինքզինք նետեց յորձանուտներու մէջ, գալարուելով ինքն իր մէջ, առանց որ կարենայ ոտքի կանգնիլ եւ անաչառ դիրք մը որդեգրել։
Ընդհակառակը, միայն փուճ պոռոտախօսութիւններով, օդային ունայնամտութիւններով եւ թունաւոր արտայայտութիւններով հանդէս եկաւ, մոլորեցնելով նոյնիսկ իր համակիրներն ու հետեւորդները, մանաւանդ երբ՝ փչոցային եւ անհեթեթային կոչերով, լոզունգներով, նշանախօսքերով եւ ահազանգներով, փորձեց շահիլ աժան ու փխրուն ժողովրդականութիւն, ինչպէս նաեւ՝ հաւատացնելով իր շրջապատը, թէ ինք բացարձակատիրական իրաւունքներու սկզբունքով, անպայման կը հասնի յաջողութեան։
Մինչդեռ, այդ յումպէտս ճիգերը, ո՛չ կ’արագացնեն, ո՛չ ալ կը ծառայեցնեն նման ցնորամտութիւններու ու կարճամտութիւններու առասպելական (չ)հնարքներուն։
Վերջին հաշուով, 300 հազար ազերիներու Հայաստան մուտքը ու հաստատումը, կամ՝ ընդդիմութեան (եւ իշխանութեան) ծրագիրներու ձախողութիւնները կրնան պատերազմներու դուռ բանալ, կը պոռչտան կողմերը։
Նման ձաբռտուքներով եւ աղաղակներով կաշառակերներ, որքան յիմար, անգէտ, կարճատես, բթամիտ, անպարկեշտ ու նենգամիտ «ղեկավարներ» պէտք է ըլլան, որ ժողովուրդին արժանապատուութեան հետ կը խաղան ու կը մրոտեն անոր ազգային-քաղաքական տեսիլքը, նման «ցինիզմ»ով անոր հետ շփուելու ու զայն աժանօրէն ապակողմնորոշելու գնով։
Ժամանակը ոչ միայն հասած է, այլեւ՝ անցած, որ այս անմիտ քաղաքականութեամբ ու գործելաոճով, կարելի չէ, ո՛չ ժողովուրդ առաջնորդել, ո՛չ ալ հայրենիք ղեկավարել, հետեւաբար, ՄԻԱԿ ընտրանքը, ընդդիմադիրներ թէ իշխանամէտներ, ձեր զգաստացումի կամ ըմբոստացումի «ճամպրուկ»ները բարեկարգեցէք ու վերանորոգեցէք, ապա, լծուեցէք ԻՍԿԱԿԱՆ անկախութեան գոյերթին ու հայրենաշինութեան առողջացման ու կենդանացման սրբագործին, այլապէս, ընդդիմութեան այս վտանգաւոր սահանքները, ոչ մէկ տեղ կը հասցնեն անկախութեան յարատեւումը, իսկ իշխանութիւնները (որոշապէս), պիտի չարտօնեն, որ այդ ապագայականութիւնը ընդհատուի կամ ձախողի։
Պարոյր Յ. Աղպաշեան
(Պէյրութ)