image

Պլինքընն ու Լաւրովը քննարկած են հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման հարցը

Պլինքընն ու Լաւրովը քննարկած են հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման հարցը

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիավիքի մէջ հանդիպած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Պլինքընի խօսքով, հանդիպումը նպատակ ունէր  «փորձարկելու Մոսկուայի հետ աւելի կայուն եւ կանխատեսելի յարաբերութիւններու առաջարկը»:

Reuters-ը գրած է, որ  Ռէյքիավիքի մէջ, դիւանագիտական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հանդիպումը տեղի ունեցած է ԱՄՆ-ՌԴ յարաբերութիւններու սրուող լարուածութեան ֆոնին:

Ելոյթ ունենալով բանակցութիւններուն ընդառաջ մամուլի ճեպազրոյցի ժամանակ՝ Պլինքընը եւ Լաւրովը ընդգծած են, որ չնայած ԱՄՆ-ը եւ Ռուսաստանը տարաձայնութիւններ ունին, անոնք պէտք է միասին աշխատին որոշ հարցերու շուրջ:

Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտի եւ անոր ռուս գործընկերոջ բարձր մակարդակի  առաջին բանակցութիւնները տեւած են 1 ժամ 45 վայրկեան՝ նախատեսուածէն աւելի երկար:

Խիտ ու յագեցած օրակարգի քննարկման ընթացքին անդրադարձ եղած է նաեւ հայ-ատրպէյճանական իրավիճակին: ԱՄՆ-ի Պետական բաժանմունքի պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, կողմերը քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական լուծում գտնելու հնարաւորութիւնը: Այս հարցի շուրջ քննարկման մանրամասներ չեն հաղորդուիր:

Պետական քարտուղարը եւ Արտաքին գործոց նախարարը պայմանաւորուած են շարունակել քննարկումները առաջիկային: