image

Արտա Ակօշեանի Նոր Յօրինումը Պիտի Ներկայացուի Եւրոպայի Մէջ

Արտա Ակօշեանի  Նոր  Յօրինումը Պիտի  Ներկայացուի  Եւրոպայի  Մէջ

Մուս-Մա երաժշտական փառատօնը, որ Եւրոպայի Փառատօններու Միութեան անդամ երկիրներու կողմէ հիմնուած է, այս տարի պիտի կայանայ վեցերորդ անգամ ըլլալով: Այս անգամ փառատօնը պիտի իրականանայ Պելճիքայի  Մոնա քաղաքին մէջ: Փառատօնի ընթացքին Թուրքիան պիտի ներկայացնէ յայտնի գոնթրպազիսթ, երգչախումբի վարիչ ու յօրինող Արտա Ակօշեանը:Արտա Ակօշեան վերջին տարիներու ընթացքին հետեւողական ու որակաւոր աշխատանքով բարձրացուց իր արուեստը բազմաթիւ ոլորտներէ ներս ու մասնաւոր ուշադրութիւն գրաւեց նաեւ իր յօրինումներով, որոնք արդի երաժշտութեան մարզէն ներս նկատելի ներդրում կը բերէին: Արտա Ակօշեանի մասնայատկութիւններէն մէկն ալ յօրինումներ ընելն է այնպիսի գետիններու վրայ, որոնք չեն ոտնակոխուած եւ որոնք շատ ինքնատիպ են:Մուս-Մա փառատօնը ամէն տարի ապսպրուած նիւթի մը վրայ յօրինումներ կը պահանջէ զանազան երկիրներու երիտասարդ յօրինողներէն: Այս տարուան թէման էր «Երրորդ անկումը» նիւթը, որ Ակօշեանին կողմէ գրի առնուած է չորս թաւջութակներու համար: Այս գործը մօտ օրէն պիտի ներկայացուի Մոնս քաղաքի մէջ լեհական թաւջութակի քառեակի կողմէ: Նոյն գործը Ապրիլ ամսուան մէջ ալ Անգարայի մէջ պիտի մեկնաբանուի Թուրքիոյ հանրապետական Սէնֆոնիք նուգախումբի թաւջութակի քառեակի կողմէ: