image

Արդեօ՞ք Հասաքէյի մէջ սկսած պատերազմը կրնայ հասնիլ Գամիշլի

Արդեօ՞ք  Հասաքէյի    մէջ սկսած  պատերազմը  կրնայ    հասնիլ Գամիշլի

Անցնող 48 ժամերէն սկսեալ լարուած իրավիճակ կը տիրէ  Սուրիոյ մեծամասնութեամբ  քրտաբնակ Հասաքէ (Հասիչէ)  շրջանին մէջ:   Ըստ  լրատուական  աղբիւրներու,  ծանր բախումներ    կը գրանցուին, մէկ կողմէ՝ քաղաքի   մէջ տեղակայուած  քրտական  «Իսայէշ»   անունով  ճանչցուած ջոկատներուն  եւ միւս կողմէ՝ Սուրիոյ կառավարութեան  նեցուկը վայելող  «Տիֆահ շապհի»ի ջոկատներուն:  Ըստ BBC Arabic  կայանին, բախումներուն      հիմնական պատաճառը  արաբ-քիւրտ  լարուածութիւնն է, որ   անցնող օրերուն   դարձած է անկառավարելի: Կը  նշուի նաեւ, որ  Սուրիոյ օդուժին Հասաքէյի քիւրտերու  8 դիրքերուն վրայ  եղած   հարուածներէն  ետք  այս պահուն Հասաքէյի մէջ զգուշաւոր  իրավիճակ կը տիրէ: Մտավախութիւններ կան, որ   տեղի  քրտական ջոկատներ դիմեն իրենց դաշնակից ամերիկեան  ուժերու նեցուկին, բան մը, որ    կրնայ  աւելիով  լարել ընդհանուր  իրավիճակը:   Այս  բոլորէն  անդին   կան  նաեւ մտավախութիւններ, որ Հասաքէյի մէջ սկիզբ առած բախումները տարածուին եւ հասնին  Գամիշլի, ուր կ'ապրի ու կը գոյատեւէ պատկառելի թիւով հայկական  համայնք մը: