Անցնող 48 ժամերէն սկսեալ լարուած իրավիճակ կը տիրէ Սուրիոյ մեծամասնութեամբ քրտաբնակ Հասաքէ (Հասիչէ) շրջանին մէջ: Ըստ լրատուական աղբիւրներու, ծանր բախումներ կը գրանցուին, մէկ կողմէ՝ քաղաքի մէջ տեղակայուած քրտական «Իսայէշ» անունով ճանչցուած ջոկատներուն եւ միւս կողմէ՝ Սուրիոյ կառավարութեան նեցուկը վայելող «Տիֆահ շապհի»ի ջոկատներուն: Ըստ BBC Arabic կայանին, բախումներուն հիմնական պատաճառը արաբ-քիւրտ լարուածութիւնն է, որ անցնող օրերուն դարձած է անկառավարելի: Կը նշուի նաեւ, որ Սուրիոյ օդուժին Հասաքէյի քիւրտերու 8 դիրքերուն վրայ եղած հարուածներէն ետք այս պահուն Հասաքէյի մէջ զգուշաւոր իրավիճակ կը տիրէ: Մտավախութիւններ կան, որ տեղի քրտական ջոկատներ դիմեն իրենց դաշնակից ամերիկեան ուժերու նեցուկին, բան մը, որ կրնայ աւելիով լարել ընդհանուր իրավիճակը: Այս բոլորէն անդին կան նաեւ մտավախութիւններ, որ Հասաքէյի մէջ սկիզբ առած բախումները տարածուին եւ հասնին Գամիշլի, ուր կ'ապրի ու կը գոյատեւէ պատկառելի թիւով հայկական համայնք մը: