image

Արցախի մէջ երկրաշարժ

Արցախի մէջ երկրաշարժ

4 Մայիսին` տեղական ժամանակով ժամը 18:17-ին (Կրինիչի ժամանակով` 14:17-ին), ԱԻՆ Երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժական ցանցի կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 40.080 եւ արեւելեան երկարութեան 46,240 աշխարհագրական համակարգումներով (Արցախի Հանրապետութեան Քարվաճառ քաղաքէն 17 քմ հարաւ-արեւելք), օճախի 10 քմ խորութեամբ, 1,9 ծաւալով երկրաշարժ:

ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն կը յայտնեն, որ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը երկրաշարժի կենդրոնին կազմած է 2-3 աստիճան:

Երկրաշարժը զգացուած է Արցախի Հանրապետութեան Դադիվանք, Չարեքտար եւ Նոր Էրքէջ գիւղերուն մէջ՝ 2 բալ ուժգնութեամբ: