Արայիկ Յարութիւնեանն՝ Արցախի Հանրապետութեան յաջորդ Նախագահ: Այդ մասին ֆեյսպուքեան գրառում կատարած է «Ազատ Հայերնիք» կուսակցութեան ղեկավար, Արցախի նախագահի թեկնածու Արայիկ Յարութիւնեանի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը:
«Նախնական արդիւնքներն՝ աւելի քան 87 տոկոս. կը շնորհաւորեմ բոլորս»,- գրած է ան:
Յիշեցնենք, որ երէկ կայացած էր Հանրապետութեան նախագահի երկրորդ փուլի ընտրութիւնները: Համաձայն ԱՀ ոստիկանութեան տրամադրած տուեալներու` քուէարկութեան մասնակցելու իրաւունք ունի 103 637 ընտրող, ընտրութիւններուն մասնակցած է 47050 ընտրող (ընտրողներու 44,9 տոկոսը):