image

Արայիկ Յարութիւնեանը Արցախի նախագահ (Նախնական տուեալներով)

Արայիկ Յարութիւնեանը Արցախի նախագահ (Նախնական տուեալներով)

Արայիկ Յարութիւնեանն՝ Արցախի Հանրապետութեան յաջորդ Նախագահ: Այդ մասին ֆեյսպուքեան գրառում կատարած է «Ազատ Հայերնիք» կուսակցութեան  ղեկավար, Արցախի նախագահի թեկնածու Արայիկ Յարութիւնեանի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը:

 «Նախնական արդիւնքներն՝ աւելի քան  87 տոկոս. կը շնորհաւորեմ բոլորս»,- գրած է ան:

Յիշեցնենք, որ երէկ կայացած էր Հանրապետութեան նախագահի երկրորդ փուլի ընտրութիւնները: Համաձայն ԱՀ ոստիկանութեան տրամադրած տուեալներու` քուէարկութեան մասնակցելու իրաւունք ունի  103 637  ընտրող, ընտրութիւններուն մասնակցած է 47050 ընտրող (ընտրողներու 44,9 տոկոսը):