Պէյրութ Երեւան ուղիղ թռիչքով մը Մեծի Տանն Կիլիկոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը այսօր Երեւան կը ժամանէ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Անթիլիասի մօտիկ կանգնած աղբիւրէ մը:
Մեր տուեալներով Արամ Ա. Երեւան կը ժամանէ Արամ Սարգսեանը եւ Սերժ Սարգսեանը շնորհաւորելու առաջինին նախագահի, իսկ երկրորդին վարչապետի պաշտօնը ստանձնելուն կապակցութեամբ:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ Կիլիկեան Աթոռի գահակալին այցը միօրեայ այց է ու շատ հաւանաբար ան վաղը առաւօտ վերադառնայ Անթիլիասի Աթոռ: