image

Արա Այվազեան - Սերկէյ Լաւրով հեռախօսազրոյց

Արա  Այվազեան - Սերկէյ  Լաւրով հեռախօսազրոյց

26 Դեկտեմբերին, Արտաքին Գործոց նախարար՝ Արա Այվազեան հեռախօսազրոյց ունեցաւ ՌԴ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ։

Զրոյցի ընթացքին ԱԳ նախարարները շարունակեցին քննարկումները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ ձեռք բերուած հրադադարի պահպանման եւ իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներու շուրջ։ Այս շրջածիրէն ներս անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներուն:

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ԱԳ նախարարներ՝ Այվազեան եւ Լաւրով շօշափեցին հայ-ռուսական օրակարգի շարք մը հարցեր։