Այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ լրատուական տեղեկութիւններ շրջան ըրին Թուրքիոյ Խորհրդարանի հայազգի անդամ Կարօ Փայլանի, երէկ երեկոյեան ունեցած բաւական աղմկահարոյց ելոյթին մասին: «Արեւելք» այս խնդրով կապ հաստատեց Անգարայի իր աղբիւրներուն հետ ստանալու համար լրացուցիչ տեղեկութիւններ : Մեր աղբիւրը փոխանցեց, որ երէկ մինչ երեսփոխան Կարօ Փայլան (HDP) իր ելոյթի պահուն կ'անդրադառնար ցեղասպանութեան խնդրին AKP եւ թուրք ազգայնական MHP կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններ փորձած են յարձակիլ անոր վրայ:Վերջինս շարունակած է ելոյթը:Ապա HDP կուսակցութեան յայտնի գործիչներէն, պատգամաւոր Սըրը Սիւրէյէ Էօնտէր (Ատեամանցի) խորհրդարանի գլխամասէն հասնելով օժանդակած է, որ Փայլան անվտանգ կերպով հեռանայ դահլիճէն: Մեր աղբիւրը նաեւ վստահեցուց, որ իրավիճակը եղած է բաւական բարդ եւ ծանր եւ եթէ Օնտէր արագ ու տեղին միջամտութիւն չկատարէր ապա Փայլան ոտքի կոխան կրնան ըլլալ:Նշենք, որ Էրտողանի կուսակցութեան (AKP) անդամ կարգ մը պատգամաւորներու պահանջով Փայլանի ելոյթն ամբողջութեամբ ջնջուած է նիստի տեղեկագրէն եւ ան իրաւունք պիտի չունենայ մասնակցիլ յառաջիկայ երեք նիստերու քննարկումներուն:
Փայլան քիչ առաջ Twitter-եան իր գրառում մը կատարելով խօսած է Ցեղասպանութիւն եզրին մասին եւ ըսած, թէ ինք այդ բառը օգտագործած է, ոչ թէ թուրք ժողովուրդին դէմ այդ այդ արարքը գործող ամբոխներուն դէմ: Ան մասնաւորապէս ըսած է՝ «Ցեղասպանութիւն իրագործողը ոչ թէ թուրք ժողովուրդն է, այլ միշտ յանցանք գործող ու երբեք չպատժուող այս հոգեկերտուածքը»: