image

Անգարա. Հայազգի երեսփոխանը ծեծէ փրկուա՞ծ

Անգարա. Հայազգի երեսփոխանը  ծեծէ  փրկուա՞ծ

 Այսօր առաւօտեան ժամերէն  սկսեալ    լրատուական տեղեկութիւններ  շրջան   ըրին   Թուրքիոյ  Խորհրդարանի  հայազգի անդամ   Կարօ Փայլանի, երէկ   երեկոյեան ունեցած     բաւական աղմկահարոյց ելոյթին մասին: «Արեւելք»  այս խնդրով     կապ հաստատեց Անգարայի  իր  աղբիւրներուն հետ  ստանալու համար լրացուցիչ տեղեկութիւններ :   Մեր  աղբիւրը  փոխանցեց, որ երէկ  մինչ  երեսփոխան  Կարօ Փայլան (HDP) իր ելոյթի պահուն  կ'անդրադառնար ցեղասպանութեան   խնդրին AKP եւ թուրք ազգայնական  MHP     կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններ փորձած են  յարձակիլ անոր վրայ:Վերջինս շարունակած է ելոյթը:Ապա  HDP   կուսակցութեան   յայտնի  գործիչներէն, պատգամաւոր     Սըրը Սիւրէյէ Էօնտէր (Ատեամանցի)     խորհրդարանի  գլխամասէն հասնելով    օժանդակած  է, որ Փայլան  անվտանգ կերպով հեռանայ դահլիճէն:  Մեր աղբիւրը նաեւ  վստահեցուց, որ      իրավիճակը եղած է բաւական բարդ եւ ծանր եւ  եթէ    Օնտէր արագ ու տեղին միջամտութիւն չկատարէր  ապա  Փայլան    ոտքի կոխան կրնան   ըլլալ:Նշենք, որ   Էրտողանի կուսակցութեան (AKP)   անդամ կարգ մը պատգամաւորներու պահանջով  Փայլանի ելոյթն ամբողջութեամբ ջնջուած է  նիստի   տեղեկագրէն եւ ան   իրաւունք պիտի չունենայ  մասնակցիլ  յառաջիկայ երեք նիստերու  քննարկումներուն:

  Փայլան քիչ առաջ  Twitter-եան իր գրառում մը կատարելով  խօսած է  Ցեղասպանութիւն եզրին մասին  եւ ըսած, թէ ինք այդ բառը  օգտագործած է, ոչ թէ թուրք  ժողովուրդին դէմ այդ  այդ արարքը գործող ամբոխներուն  դէմ:  Ան մասնաւորապէս ըսած է՝ «Ցեղասպանութիւն իրագործողը ոչ թէ թուրք ժողովուրդն է, այլ միշտ յանցանք գործող ու երբեք չպատժուող այս հոգեկերտուածքը»: