image

«Քովիտ»ի դէմ պայքարի շրջանակներուն մէջ հայազգի Նուպար Աֆէեան միլիառատէր դարձած է

«Քովիտ»ի դէմ պայքարի շրջանակներուն մէջ հայազգի Նուպար Աֆէեան միլիառատէր դարձած է

Շնորհիւ դեղագործական ընկերութիւններու «Քորոնա» ժահրի պատուաստներէն ստացուած շահոյթին, աշխարհի մէջ 9 նոր միլիառատէր յայտնուած է: Այս մասին ըսուած է The People's Vaccine Alliance կազմակերպութեան զեկոյցով, որու մէջ ներառուած են մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, մարդասիրական եւ բժշկական տարբեր կազմակերպութիւններ:

Մասնաւորապէս, նոր միլիառատէրերու կարգին են ամերիկեան Moderna ընկերութեան չորս ներկայացուցիչներ՝ գործադիր տնօրէն Սթեֆըն Պանսել, համահիմնադիր՝ Նուպար Աֆէեան եւ ներդրողներ Թիմոթի Սփրինկըր եւ Ռոպըրթ Լանկըր:

Բացի այդ, ցուցակին վրայ ներառուած են նաեւ BioNTech ընկերութեան ղեկավար՝ Ուղուր Շահինը, սպանական Rovi դեղագործական ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն՝ Խուան Լոփես-պելմոնտեն եւ չինական CanSino Biologics ընկերութեան 3 համահիմնադիրները:

Նշուած է, որ նոր միլիառատէրերու ընդհանուր կարողութիւնը հասած է 19,3 միլիառ տոլարի: