Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթէն կը կարդանք, թէ օրերս «Անատոլու քիւլթիւր»ի կողմէ հովանաւորուած Թոփհանէի «Թիւթիւն տեփոսու» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է ասուլիս մը, որ կազմակերպուած էր «Անձամբ կարգադրեցէք» ցուցահանդէսին շարժառիթով: Ինչպէս ծանօթ է, ներկայիս հասարակական գետնի վրայ ուշադրութեան կ'արժանանայ այս ցուցահանդէսը, որ 1915-ին ապրուածներուն վրայ լոյս կը սփռէ այդ ժամանակուան հեռագրերուն միջոցաւ: Այս ցուցահանդէսը Օսմանեան արխիւներէն ներս կատարուած բազմակողմանի ու ծաւալուն աշխատանքի մը արդիւնքն է, որ բաց պիտի մնայ մինչեւ տարեվերջ:«Անձամբ կարգադրեցէք» ցուցահանդէսը կեանքի կոչուած է Անկախ հետազօտութեան, գիտութեան ու հաղորդակցութեան միութեան (Babil) կողմէ: Որպէս խորհրդատու կառոյց ծրագրին մասնակցութիւն բերած է Պատմութեան հիմնարկը (Tarih Vakfi): Նախագծին հովանաւորները եղած են Բաց Հասարակութեան հիմնարկն ու «Ֆրիտրիխ Էպէրթ» հիմնարկը:Երէկուան ասուլիսին մասնակցած են այս ծրագրին ողնայարը հանդիսացող ուսումնասիրային խումբի անդամները: Ծրագիրը համակարգած Սալիհ Էրթուրանի գլխաւորութեամբ խումբին մաս կազմած էին Սերհատ Պոզքուրտ, Ճիհանկիր Կիւնտողտու, ինչպէս նաեւ «Ժամանակ»-ի խմբագիր ու բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան:Ատենախօսները ամփոփ գիծերու մէջ, հետաքրքրական մատնանշումներով անդրադարձան պաշտօնական կամ գաղտնագիր հեռագրութիւններուն: Անոնք իրենց ուսումնասիրութիւններու արդիւնքի լոյսին տակ նշեցին, թէ 1915-ին որքան կազմակերպեալ նախապատրաստական աշխատանքներ յառաջ տարուած էին եւ ինչպէս կազմակերպիչները վերահասու եղած էին իւրաքանչիւր հանգրուանի մանրամասնութիւններուն: Այդ ամբողջին մէջ բացատրուեցաւ նաեւ շրջանի ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշայի դերակատարութեան նշանակութիւնը: Ատենախօսները անդրադարձան նաեւ 1915 թուականի մթնոլորտին մէջ, շրջանի ներքեւ գործած պաշտօնեաներու վկայութիւններուն ու մանաւանդ աւելի ուշ անոնց կողմէ գրի առնուած յուշերուն:Իր կարգին, Սեւան Տէյիրմենճեան մանրամասնութիւններ փոխանցեց շրջանի հայ մամուլի հրատարակութիւններու հիման վրայ՝ յիշեցնելով նաեւ, որ այդ տարիներուն լոյս կը տեսնէր «Ժամանակ» օրաթերթը: Այս վերջնոյն հրատարակութիւններէն վաւերական մանրամասնութիւններ մէջբերելու առընթեր Սեւան Տէյիրմենճեան մատնանշեց կարգ մը վառ դէմքերու Եղեռնի վերաբերեալ յուշերն ու վկայութիւնները. Օրինակ՝ երանաշնորհ Տ. Զաւէն Պատրիարք Տէր-Եղիայեան, Զապէլ Եսայեան եւ Շաւարշ Միսաքեան: