image

«Անձամբ Կարգադրեցէ՛ք» Ցուցահանդէսի Թեմայով Ասուլիս Պոլսոյ Մէջ

«Անձամբ Կարգադրեցէ՛ք»  Ցուցահանդէսի Թեմայով  Ասուլիս  Պոլսոյ Մէջ

 Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթէն կը կարդանք, թէ   օրերս  «Անատոլու  քիւլթիւր»ի կողմէ հովանաւորուած Թոփհանէի «Թիւթիւն տեփոսու» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է ասուլիս մը, որ կազմակերպուած էր «Անձամբ կարգադրեցէք» ցուցահանդէսին շարժառիթով: Ինչպէս ծանօթ է, ներկայիս հասարակական գետնի վրայ ուշադրութեան կ'արժանանայ այս ցուցահանդէսը, որ 1915-ին ապրուածներուն վրայ լոյս կը սփռէ այդ ժամանակուան հեռագրերուն միջոցաւ: Այս ցուցահանդէսը Օսմանեան արխիւներէն ներս կատարուած բազմակողմանի ու ծաւալուն աշխատանքի մը արդիւնքն է, որ բաց պիտի մնայ մինչեւ տարեվերջ:«Անձամբ կարգադրեցէք» ցուցահանդէսը կեանքի կոչուած է Անկախ հետազօտութեան, գիտութեան ու հաղորդակցութեան միութեան (Babil) կողմէ: Որպէս խորհրդատու կառոյց ծրագրին մասնակցութիւն բերած է Պատմութեան հիմնարկը (Tarih Vakfi): Նախագծին հովանաւորները եղած են Բաց Հասարակութեան հիմնարկն ու «Ֆրիտրիխ Էպէրթ» հիմնարկը:Երէկուան ասուլիսին մասնակցած են այս ծրագրին ողնայարը հանդիսացող ուսումնասիրային խումբի անդամները: Ծրագիրը համակարգած Սալիհ Էրթուրանի գլխաւորութեամբ խումբին մաս կազմած էին Սերհատ Պոզքուրտ, Ճիհանկիր Կիւնտողտու, ինչպէս նաեւ «Ժամանակ»-ի խմբագիր ու բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան:Ատենախօսները ամփոփ գիծերու մէջ, հետաքրքրական մատնանշումներով անդրադարձան պաշտօնական կամ գաղտնագիր հեռագրութիւններուն: Անոնք իրենց ուսումնասիրութիւններու արդիւնքի լոյսին տակ նշեցին, թէ 1915-ին որքան կազմակերպեալ նախապատրաստական աշխատանքներ յառաջ տարուած էին եւ ինչպէս կազմակերպիչները վերահասու եղած էին իւրաքանչիւր հանգրուանի մանրամասնութիւններուն: Այդ ամբողջին մէջ բացատրուեցաւ նաեւ շրջանի ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշայի դերակատարութեան նշանակութիւնը: Ատենախօսները անդրադարձան նաեւ 1915 թուականի մթնոլորտին մէջ, շրջանի ներքեւ գործած պաշտօնեաներու վկայութիւններուն ու մանաւանդ աւելի ուշ անոնց կողմէ գրի առնուած յուշերուն:Իր կարգին, Սեւան Տէյիրմենճեան մանրամասնութիւններ փոխանցեց շրջանի հայ մամուլի հրատարակութիւններու հիման վրայ՝ յիշեցնելով նաեւ, որ այդ տարիներուն լոյս կը տեսնէր  «Ժամանակ» օրաթերթը: Այս վերջնոյն հրատարակութիւններէն վաւերական մանրամասնութիւններ մէջբերելու առընթեր Սեւան Տէյիրմենճեան մատնանշեց կարգ մը վառ դէմքերու Եղեռնի վերաբերեալ յուշերն ու վկայութիւնները. Օրինակ՝ երանաշնորհ  Տ.  Զաւէն Պատրիարք Տէր-Եղիայեան, Զապէլ Եսայեան եւ Շաւարշ Միսաքեան: