image

ԱՄՆ հակասութեան մէ՞ջ. Յաւելեալ ուժեր դէպի Սուրիա

ԱՄՆ հակասութեան մէ՞ջ. Յաւելեալ ուժեր դէպի Սուրիա

Ամերիկեան բանակը կը ծրագրէ մի քանի տասնեակ ամերիկացի զինուորներ ուղարկել Սուրիոյ հիւսիսային շրջան: Այս մասին ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ԱՄՆ վարչակազմի մի քանի աղբիւրներ փոխանցած են CNN ամերիկեան լրատուականին:

 

Պաշտօնեաները յայտնած են, որ « այս ծրագիրը օրեր շարունակ քննարկման  կ'ենթարկուէր, նախքան նախագահ Թրամբի՝ ԱՄՆ ուժերը Սուրիայէն «շուտով» դուրս բերելու մասին ըրած յայտարարութիւնը»:

 

Կայանի համաձայն, Թրամբի այս մեկնաբանութիւնները շփօթութեան մատնած է Փենթակոնէն շատերու, եւայսօր այդ հարցով Ազգային Անվտանգութեան խորհւրդի ժողով պիտի գումարուի, քննարկելու համար ԱՄՆ-ի վարչակազմի «Տահէշ»ի դէմ պայքարի մտադրութիւնը եւ թէ ինչ պիտի ըլլայ Սուրիոյ մէջ  շուրջ 2000 ամերիկացի զինուորներու յաջորդ քայլը: