image

Ամերիկայի ՍԴՀԿ-ն կը զօրակցի Հիլըրի Քլինթընին

Ամերիկայի ՍԴՀԿ-ն կը զօրակցի Հիլըրի Քլինթընին

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինը կոչ մը հրապարակելով յայտարարած է, թէ յառաջիկայ 8 նոյեմբերին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն պիտի սատարէ Տէմոքրաթական թեկնածու Հիլըրի Քլինթընին:

Ստորեւ ամբողջութեամբ կը հրապարակենք այդ կոչը:



8 Նոյեմբերին միլիոնաւոր ամերիկացիներ պիտի ուղղուին քուէատուփ` մասնակցելու համար  վերջին տասնամեակներու ամենէն ճակատագրական նախագահական ընտրութիւներէն մէկուն, որու արդիւնքէն կախեալ պիտի ըլլայ ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու ապագան, այլ նաեւ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ամբողջ աշխարհի վրայ:

Ընտրուելու հաւանականութիւնը կը սահմանափակուի երկու գլխաւոր կուսակցութիւններու` Հանրապետականներու եւ Դեմոկրատներու թեկնածուներուն միջեւ, որոնցմէ մէկը պիտի դառնայ երկրի 45-րդ նախագահը ու պաշտօնավարէ յաջորդ չորս տարիներուն:

Ընտրարշաւի ամբողջ ընթացքին, Հանրապետական թեկնածու Տոնալտ Թրամփ, իր տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական անորոշ ծրագիրներով, խտրականութեան վրայ կառուցուած բաժանարար ելոյթներով, միլիոնաւոր գաղթականներ արտաքսելու կոչերով, ոչ նախագահավայել իր պահուածքով, անձնական գործերուն մէջ իր ունեցած բազմաթիւ սնանկութիւններով ու գործած զեղծարարութիւններով, նաեւ  իգական սեռի հանդէպ  իր անբարոյ վերաբերմունքով եկաւ ցոյց տալու թէ, ատակ չէ ստանձնելու այս երկրի բարձրագոյն պաշտօնը:

Այս բոլորին վրայ եթէ աւելցնենք նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ անոր ունեցած  տնտեսական ծրագիրները, Տոնալտ Թրամփը կը նկատենք անընդունելի թեկնածու մը մեզի համար:

Դեմոկրատ Կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթոն ունի երկարամեայ փորձառութիւն, որպէս Առաջին Տիկին, Ծերակոյտի անդամ եւ ապա  Պետական Քարտուղար: Ան միշտ վարած է  հաւասարակշիռ քաղաքականութիւն, որդեգրած է Դեմոկրատ Կուսակցութեան  ծրագիրները` ուղղուած ընկերային արդարութեան ու աշխատաւոր ու միջին խաւի տնտեսական շահերու պաշտպանութեան:  Հիլլըրի Քլինթոն կը հանդիսանայ յառաջդիմական գաղափարներու ջատագովը ու երկարամեայ նուիրեալը:

Այս բոլորը նկատի առնելով, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը կու գայ յայտնելու իր զօրակցութիւնը Դեմոկրատ թեկնածու Հիլըրի Քլինթոնին:

Այս առթիւ Տիկ. Քլինթոնին  յղուած մեր զօրակցութեան նամակին մէջ մենք մաղթած ենք, որ Հայկական   Ցեղասպանութեան հարցով ան վերադառնայ  այն կեցուածքին, որ ունեցած էր իր Ծերակոյտի անդամ եղած  շրջանին: Նաեւ, կոչ ըրած ենք, որ ան սատարէ Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին ու Լեռնային Ղարաբաղի հարցի բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծման:

Մենք յոյս յայտնած ենք նաեւ, որ իր օրով առաւել կը զարգանան Հայաստանի հետ փոխյարաբերութիւնները ու կը շարունակուի տնտեսական եւ այլ բնագաւառներու օժանդակութիւնները` նպաստելու համար երկրին մէջ կեանքի պայմաներու բարելաւման ու ժողովրդավարութեան հաստատման:

Առ այդ,  կոչ կ՛ուղղենք  ամերիկահայութեան` լայն մասնակցութիւն բերելու 8 նոյեմբերի ընտրութիւններուն եւ քուէարկելու յօգուտ Դեմոկրատ թեկնածու Հիլըրի Քլինթոնին` որպէս նախագահ Միացեալ Նահանգներու: