image

«Ամերիկայի մէջ շատ դժուար է հոգեւոր կրօնական կեանքի հետեւողական ըլլալը».Տէր Թորգոմ Քհնյ. Չորպաճեան

«Ամերիկայի մէջ շատ դժուար է հոգեւոր կրօնական կեանքի հետեւողական ըլլալը».Տէր Թորգոմ Քհնյ. Չորպաճեան

Արեւելքի զրուցակիցն է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Իլլինոյ նահանգի,Մերիվիլ քաղաքիՍ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Թորգոմ Քհնյ. Չորպաճեանը: Նշենք, որ Տէր Թորգոմ երիտասարդ քահանան բնիկ hալէպցի է, եւ  14 տարեկանին անցած է Լիբանան, ուր ուսումը շարունակած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ, Պիքֆայա:

 

 

 

-Ո՞ւր կը գտնուիք ներկայիս եւ ի՞նչ առաքելութիւն կ'իրականացնէք, բացի եկեղեցւոյ սպասարկումէն, ուրիշ ի՞նչ գործունէութիւն կը ծաւալէք:

 

Կը գտնուիմ ԱՄՆ Իլլինոյ նահանգի Մերիվիլ քաղաքին մէջ, հովիւն եմ Սուրբ Գր. Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ, որ կը գտնուի Կրէնիթ Սիթիի մէջ, անոր կողքին նաեւ կ'ուսանիմ Ագուինացիի Աստուածաբանական Համալսարանին մէջ (Institute of Thomas Aquinas) Հովուական Աստուածաբանութեան Մագիստրոսի (M.A.P.S.) վկայական ստանալու համար եւ այս ամառ կ'աւարտեմ: Ասոր կողքին, որովհետեւ մենք հայ եկեղեցի ենք եւ գիտենք, որ հայ եկեղեցւոյ սպասաւորը միայն հոգեւոր պարտականութիւն չէ որ ունի, այլ նաեւ ազգային պարտաւորութիւններ ալ ունի, շաբաթ օրերը հայերէն դաս կու տամ, առցանց՝ սքայփի միջոցաւ. ասկէ առաջ եղած է որ դասարանի մէջ հայերէն սորվեցուցած եմ, սակայն հիմա այս օրերուն այսպէս կը յարմարի: Երբեմն յօդուածներ կը գրեմ «Հայրենիք» շաբաթաթերթին, նաեւ ուսումնասիրութիւններ գրած եմ եւ կան ուրիշներ ալ, որոնք կը պատրաստեմ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնական «Հասկ» ամսաթերթին:

 

 

-Հայաստանեայց  Առաքելական Եկեղեցւոյ  համար ինչ իմաստ  եւ նշանակութիւն ունի Աւագ Շաբաթը:  Ի՞նչ կրնաք  ըսել  այդ  առումով:

 

Հայ եկեղեցւոյ համար Աւագ շաբաթը իր ծիսական, եկեղեցական հոլովոյթին ամէնէն կարեւոր շաբաթն է, որովհետեւ մեր հաւատքի հիմնադիրը՝ Յիսուս Քրիստոս, որ մեր եկեղեցւոյ գլուխն է, այդ շաբթուան մէջ է որ իր փրկագործական ծրագիրը իրագործեց, մարդուն համար իր զոհուելու, խաչ բարձրանալու, թաղուելու եւ յարութիւն առնելու այդ բոլոր դէպքերը այս շաբաթ պատահեցան, ինք անոր համար էր որ, մեր հաւատքին համաձայն, աշխարհ եկած էր, նպատակը այդ  էր եւ հետեւաբար ամէնէն կարեւոր շաբաթն է անիկա մեզի համար՝ իբրեւ հայ եկեղեցի:

 

Մեր եկեղեցւոյ մէջ այս շաբթուան շարականները գրեթէ ամէնէն գեղեցիկներէն են, իսկական խորհուրդ մըն է որ ունին իրենց մէջ, ամբողջ այդ Աստուած եւ մարդ – մարդ եւ Աստուած յարաբերութեան զգացումները, իղձերը, այդ հոգեվիճակին տրաման է որ կը ներկայացնեն, ամէնէն գեղեցիկ երաժշտականութեամբ, բանաստեղծական բառերով եւ նաեւ այս առիթով կ'անդրադառնան մարդկային հոգեկան ապրումներուն, ինչպէս դաւաճանութիւն՝ Յուդայի պարագային, լքում՝ Քրիստոսի պարագային, երբ աշակերտները զինք լքեցին կամ յետոյ երբ Քրիստոս ինք խաչին վրայ ինքզինք լքուած, առանձնացած զգաց: Տակաւին կայ մօր մը հոգեվիճակը, երբ իր զաւակը այդպէս իր դիմաց կը սպաննուի, ինչպէս Մարիամ Աստուածածինը տեսաւ ինչ պատահեցաւ իր զաւակին հետ, միւս կողմէ կայ Քրիստոսի՝ զաւակի զգացումը, որ գիտէ որ ինք իր մայրը ներկայ է, բայց ինք չի կրնար գրկել զինք, չի կրնար իր մօտը գտնուիլ: Այս վերջինը գեղեցիկ կերպով ներկայացուած է նշանաւոր Խաւարման գիշերի«Ուր ես, մայր իմ» շարականով:

 

Մեր ժողովուրդն ալ կը սիրէ Աւագ շաբաթը, որովհետեւ կարգ մը աւանդութիւններ կան, որ իր կեանքին մասը կազմած են, ըսենք Տասը կուսանացի Աւագ Երեքշաբթի օրուան խորհուրդը, մեր երեխաները կ'երթան, կը մասնակցին այդ արարողութեան, Աւագ Հինգշաբթի օր Սուրբ հաղորդութեան հաստատումը, Ս. Պատարագը, յետոյ Ոտն լուան, նորէն մեր այդ գեղեցիկ շարականներով, խոնարհութեան օրինակով, երբ քահանան կամ Սրբազան Հայրը կը լուայ ոտքերը եկեղեցւոյ սպասաւորներուն: Յետոյ ունինք խաւարման ծանր գիշերը, թելերը, որ մեր հաւատացեալները ունին, եօթը աւետարաններէն իւրաքանչիւրէն ետք հանգոյց մը կ'ընեն, կարգ մը մարդոց պարագային Հինգշաբթի օր եօթը եկեղեցիներ դառնալու գեղեցիկ սովորութիւնը, ուրիշներու պարագային Ուրբաթ օրը ծաղիկներ բերելը Քրիստոսի դագաղին համար, կարգ մը տեղեր սովորութիւն կայ տակէն անցնելու: Վերջապէս, Շաբաթ իրիկուն մեր երեխաներուն եկեղեցի կու գան եւ ընթերցումներ կ'ընեն, նախքան Ճրագալոյցի Պատարագը եւ անշուշտ յաջորդ օրը՝ Զատիկին:

 

Ասիկա ես կը կարծեմ ընդհանրական եկեղեցւոյ համար, ո՛չ թէ միայն մեր եկեղեցւոյ, տարուան ամէնէն լաւ, հոգեպարար շաբաթներէն մէկն է. ես մարդիկ կը ճանչնամ, որ ամբողջ տարին եկեղեցի չեն երթար, բայց կը փնտռեն այս Աւագ շաբթուան արարողութիւնները, որպէսզի երթան եւ մասնակցին:

 

 

 

-Ամերիկայի պէս  ծաւալուն եւ լայն հնարաւորութիւններ ունեցող երկրի մը մէջ, ինչքանո՞վ դժուար է հոգեւոր դաստիարակութիւն ջամբել կամ կրօնական առաքելութեան մը նուիրուած ըլլալը:

 

Արդէն ձեր հարցումը ձեւով մը պատասխանն ալ ունի ինքն իր մէջ, երբ կ'ըսէք ծաւալուն եւ ընդարձակ, Ամերիկան իսկապէս ծաւալուն է եւ ընդարձակ է, ոչ թէ միայն աշխարհագրականօրէն, այլ ամէն բանի մէջ: Ամէն բանի առատութիւնը, նիւթական իմաստով անշուշտ, պատճառ կ'ըլլայ, որ մարդիկ հոգեւոր արժէքներուն ընդհանրապէս կարեւորութիւն չտան, որովհետեւ ամէն բան առատ է, մսխում կայ, վայելքները անպակաս, ազատութիւն՝ բնականաբար, ամէն բան ընելու իրաւունք եւ որովհետեւ քրիստոնեայ միջավայր ալ է, այդ պատնէշները չկան, որ մենք այս խումբին կը պատկանինք, դուք այդ, ամէն մարդ հաւասար կը խառնուի եւ քանի որ սպառողական ընկերութիւն է, անոր համար այդ հոգեւոր ապրումներ փոխանցելը շատ դժուար կ'ըլլայ: Պարզ օրինակ մը տամ, ես նկատած եմ, Սուրիոյ մէջ աւելի դիւրին էր ինծի համար պահք պահելը, քան թէ Ամերիկայի մէջ, ուր փորձութիւնը շատ զօրաւոր է, ամէն տեղ տեսակաւոր ճաշարաններ կան, հանրախանութները որ կը մտնես, ամէն բան կը գտնես, ուրեմն փորձութիւնը շատ զօրաւոր է մեր այս աւանդութիւնները պահելու: Կիրակի օր մէկը կ'արթննայ եւ հազար ու մէկ բան կայ այստեղ ընելիք, կրնայ դիւրաւ հոս երթալ, հոն երթալ փոխանակ եկեղեցի երթալու: Մարդիկ աւելի զբաղած են իրենց կեանքին մէջ, չեմ գիտեր եթէ առիթ ունին  իբրեւ ընտանիք միասին նստելու օրական 5-10 վայրկեան, Սուրբ Գիրքէն էջ մը կարդալու, աղօթք մը ընելու եւայլն, հետեւաբար Ամերիկայի մէջ շատ դժուար է հոգեւոր-կրօնական կեանքի հետեւողական ըլլալ: Հակառակ այս բոլորին, Ամերիկան իբրեւ Արեւմտեան երկիր, բաղդատմամբ Արեւմտեան այլ երկիրներու, ինչպէս Գանատա, Արեւմտեան Եւրոպա եւ Աւստրալիա, կրօնքը տակաւին դեր եւ տեղ ունի մարդոց կեանքին մէջ, տակաւին աշխոյժ է ան, աշխոյժ են եկեղեցիները, աշխոյժ են ծրագիրները, ձեռնարկները, վիճակը այդքան ահաւոր չէ ինչպէս Արեւմտեան միւս երկիրներու պարագային:

 

 

-Ինչո՞վ պայմանաւորուած է Ամերիկայի եւ Ձեր նշած միւս երկիրներու միջեւ այդ տարբերութիւնը:

 Նախ եւ առաջ ամերիկացին աւելի պահպանողական է իր նկարագիրով, քան թէ Արեւմտեան միւս երկիրներու ժողովուրդները, երկրորդ՝ Ամերիկայի մէջ պետական եկեղեցիներ գոյութիւն չեն ունեցած, ի տարբերութիւն Արեւմտեան միւս երկիրներուն, ուր եկեղեցւոյ պաշտօնեաները, քահանաները, հովիւները թոշակ կը ստանան պետութենէն եւ իրենց գործը պարզ, չոր պարտականութիւն կ'ըլլայ: Ամերիկայի մէջ մարդիկ իրենց կամքով կ'ընեն, ամսականները գաղութներէն կ'առնեն, երբ բան մը այդպէս կամաւոր կ'ըլլայ միշտ եւ պետութիւնը մէջը չըլլար, բնականաբար աւելի կը ծաղկի:

 

Հարցազրոյցը ՝  Անի Չալեանի