Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը (Արեւելեան եւ արեւմտեան շրջանները ներառեալ), համագործակցելով ցեղասպանութիւններու ճանաչման, կանխման համար պայքարող, ինչպէս նաեւ փաստաբանական եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու հետ, իրականացուցած է յաջող արշաւ մը, որով աւելի քան 120 յայտնի լրատուամիջոցներու(ԱՄՆ բոլոր 50 նահանգներու մէջ) կոչ ըրած է զերոյական հանդուրժողականութեան քաղաքականութիւն վարել առհասարակ մարդկայնութեան դէմ զանգուածային բնաջնջումներու ու յանցագործութիւններու եւ մասնաւորապէս Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստը հերքելու դէմ:
Ինչպէս կը յայտնէ Asbarez-ը, արշաւի մասնակիցները նամակներով դիմած են լրատուամիջոցներուն, անոնց խմբագրակազմերուն՝ կոչ ընելով Ցեղասպանութեան հերքման քարոզի հարթակ չդարձնել իրենց հրապարակումները:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ արշաւը իրականացուած է 2016-էն սկսեալ եւ հանրութեան մէջ ոչ միայն բարձրացած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրազեկուածութիւնը, այլեւ բարեյաջող կանխուած է մետիային մէջ տուեալ պատմական փաստի հերքման վերաբերեալ նոր նիւթերու հրապարակումը:
ANCA-ի Արեւմտեան շրջանի գրասենեակի նախագահ Նորա Յովսէփեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է ստեղծուած դաշինքի բոլոր գործընկերներուն` Ցեղասպանութեան հերքման դէմ կանգնելու համար:
Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ այս տարուան համար նոր դաշինք մը ստեղծուած է, եւ ան կը ներառէ 19 կազմակերպութիւն, որոնց շարքին նաեւ` յունական, կիպրական եւ հրէական: