image

Ալեք Ենիգոմշեան Դիպուկահարներու մասին ահազանգ բարձրացուց

Ալեք Ենիգոմշեան   Դիպուկահարներու մասին ահազանգ   բարձրացուց

«Հիմնադիր  խորհրդարան»ի պատասխանատուներէն  Ալեք Ենիգոմշեան    այսօր լրագրողներուն  հետ խօսելով, ահազանգ բարձրացուց ՊՊԾ  կեդրոնի տարածքին շուրջ դիպուկահարներու յայտնուելու մասին: Ան նաեւ նշեց, որ արդէն 36  ժամէ ի վեր «Սասնայ ծռեր» խումբի տղաները սնունդ չեն ստացած:  Ըստ Ենգիմոշեանի,  իշխանութիւնները   հոսանքէ եւ   հեռախօսակապէ զրկած են ՊՊծ գունդի զօրակայանէն ներս եղող տղաքը եւ այդ մէկը նշան է, որ դէպքերը կրնան  դէպի սրացում երթալ  ու իր ըսելով «իշխանութիւնները պատրաստ չեն  հանգիստ պայմաններու մէջ  բանակցութիւնները շարունակելու»:  Յիշեցնենք, որ  այսօր   8-րդ օրն է, որ «Սասնայ ծռեր» անունով  խումբը  գրաւման տակ կը պահէ  ՀՀ ոստիիկանութեան Էրէբունի շրջանի  ՊՊԾ  կեդրոնը: Հոն եղող բոլոր պատանդները ազատ արձակուած են: