Գրիգորեանի խօսքով՝ օգնութեան բեռի մէկ մասը նախատեսուած եղած է «Սեւ հովազ» կամաւորական ջոկատի համար, սակայն ջոկատին ոչինչ հասած է: «Մենք որպէս հայ պէտք է անէինք այն, ինչը մեզնից հասնում էր, երբ հասկացայ, որ տղաները շաբաթներով դրսում են քնում, հնարաւորութիւններ չկային, ի հարկէ, հասկանում էինք պատերազմական վիճակը, ես շատ արագ կողմնորոշուեցի, որ պէտք է վրաններ, դիմացկուն ներքնակներ ուղարկել: Կազմակերպեցինք, ինձ յատուկ վրաններ, ներքնակներ տրամադրեցին, ուղարկելու հետ կապուած միակ խնդիրը քանակն էր, քանի որ ինքնաթիռով պէտք է ուղարկուէր»,-ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ ուղարկուող բեռը փոխանցած էր ընկերոջը, որպէսզի Աւստրիոյ օդակայան հասցնէ:
Գործարարը ըսած է, որ իր հետ Հայաստանէն կապ հաստատած է ոմն Արթուր Պետրոսեան անունով պաշտօնեայ, որ վստահեցուցած է, թէ իր ուղարկած բեռը տեղ հասած է, սակայն որեւէ ապացոյց այս մասով չէ ներկայացուած:
Հետագայ գործողութիւններու մասով Գրիգորեանը նշած է, որ մինչեւ վերջ պիտի պայքարի ու գտնէ այն օգնութիւնը, որ անհասկնալի կերպով անհետացած է: Այժմ ան կը պատրաստուի Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանի մասին ունեցած տեղեկութիւններն ուղարկել Աւստրիոյ մէջ գործող բոլոր դեսպանատուներուն եւ դատական հայց ներկայացնել դեսպանի դէմ։