image

«Ալ Նուրսա, առնուազն խնայեցէք ձեր ժողովուրդը» Տէ Միսթուրա

«Ալ Նուրսա, առնուազն խնայեցէք ձեր ժողովուրդը» Տէ Միսթուրա

«Ես ձեզի կը դիմեմ, «Ալ Նուրսա»ի զինեալներ, առնուազն լսեցէք Հալէպի քաղաքացիներու աղաղակը» այսօր այս խօսքերով հանդէս եկած է ՄԱԿ-ի Սուրիոյ հարցերով յատուկ յանձնակատար Սթէֆան Տէ Միսթուրա: Տէ Միսթուրա նաեւ ըսած է, որ «Ալ Նուսրա» ճակատին տիրապետած շրջաններուն մէջ կը գտնուին շուրջ 275.000 անզէն քաղաքայիններ: «Դուք այսօր հազար զինեալներով պատանդ կը պահէք ձեր տիրապետած շրջաններուն մէջ եղող քաղաքացիները»ըսած է դիւանագէտը եւ առաջարկած զինեալներու արագօրէն լքել իրենց դիրքերն ու հեռանալ: Տէ Միսթուրա նաեւ նկատ տուած է, թէ եթէ կարիք ըլլայ, ինք անձնապէս պատրաստ է մասնկացիլ զինեալներուն, դէպի Իտլիպ կամ ցանկացած այլ վայր տարհանման աշխատանքներուն: