Առնուազն 50 լրագրող եւ մետիա ոլորտի աշխատակից սպանուած է այս տարի ողջ աշխարհի մէջ: Ինչպէս կը յայտնէ CNN-ը՝ վկայակոչելով «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան ամենամեայ զեկոյցը, անոնց մեծամասնութիւնը զոհուած է ոչ պատերազմական երկիրներու մէջ:
Այս տարուան զեկոյցը կը ներառէ 1 յունուարէն մինչեւ 15 դեկտեմբերը տեղի ունեցած դէպքերը:
Լրագրողներու համար ամենավտանգաւոր երկիրներու շարքը կը գլխաւորէ Մեքսիքան, ուր միջինը 8-10 լրագրող սպանուած է անցեալ հինգ տարիներու տուեալներով:
Վտանգաւոր երկիրներէն են նաեւ Իրաքը, Աֆղանստանը, Հնդկաստանը եւ Փաքիստանը: